«Արեւներ» մանկապատանեկան երգի մրցում-փառատօնին ընթացքին աւարտական հանգրուանի հասած
էր Շաղիկ Գէորգեանի «Իմ շնիկը» հեղինակային երգը: Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ երկու հանգրուանով,
աւարտեցաւ կիրակի, 30 հոկտեմբերին եւ Շաղիկի երգը ստացաւ երկրորդ մրցանակ` «Մանկական
երգ» անուանակարգին մէջ: Սոյն երգը ոչ միայն Լիբանանի, այլեւ սփիւռքի կողմէ մասնակցող
միակ մրցանակակիր երգն էր: Այս յաղթանակը լիբանանահայ գաղութի անունը բարձրացուց, ինչ
որ ցոյց տուաւ գաղութին մշակութային դերն ու նշանակութիւնը հայապահպանման գործին մէջ։