2011-11-01 09:15:43

՜՜Մենք Ենք Մեր Մշակոյթը՝՝Կարգախօսով Իւրայատուկ Հանդիսութիւն։


Կազմակերպութեամբ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղին եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի մէջ գործող հայրենակցական միութիւններուն, շաբաթ, 29 հոկտեմբերի երեկոյեան, Պէյրութի Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք ենք մեր մշակոյթը» կարգախօսով հանդիսութիւն` ներկայութեամբ ԼԵՄ-ականներու, պատանիներու եւ ժողովրդային բազմութեան:
Արամ Սոմունճեանի բացման խօսքէն ետք, գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով՝ պարերով ելոյթ ունեցաւ «Ֆրիտըմ տենս կրուփ»ը, իսկ երգերով` Գարմէն Աճեմեան: Ապա օրուան բանախօսը Տիգրան Ճինպաշեան, խօսեցաւ սփիւռքի կազմաւորման շրջանին հայրենակցական միութիւններուն կարեւորութեան որոնք միջոց կը հանդիսանային պահպանելու ազգականական եւ դրացիական կապերը։ Սովորութիւնները կը պահպանեն ազգին էութիւնը եւ օտարութեան մէջ կ’ապահովեն հայութեան երթին շարունակութիւնը (ըսաւ ան եւ հաստատեց) որ վերջին տարիներուն հայրենակցական միութիւնները կենդանութեան նոր նշաններ ցոյց կու տան եւ այսօր չունին նախկին հարցերը, այլ` ունին ընդհանրական գործունէութիւն եւ դէպի ամբողջական Հայաստան առաջնորդող ընդհանրական հայեացք: ՜՜Առանց մշակոյթի ազգ չի գոյանար` յայտնեց դասախօսը աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է պահպանումը հայրենական սովորութիւններուն, ֆոլքլորին, խօսք ու բանին, երգ ու պարին, ճաշերուն, կենցաղին, պապենական աւանդութիւններուն, նիստ ու կացին եւ ընտանեկան սրբութիւններուն, որոնք հիմքը կը կազմեն մեր քաղաքակրթական առանձնայատկութեան եւ մեր ուրոյն մշակոյթին ու ազգային նկարագիրին՝՝: Բանախօսութենէն ետք ներկաներուն հրամցուեցաւ այլ գեղարուեստական գործեր, որուն ընթացքին Ալագեազ Թորոսեան դաշնակով նուագեց, ապա Կարօ Ակոբեան ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի ներկայացուց ժողովրդական եւ հայրենասիրական երգեր: Յայտնենք, որ ձեռնարկին ընթացքին սրահին մէջ հայրենակցական միութիւնները ցուցադրած էին լուսանկարներ, աւանդական իրեր, ինչպէս նաեւ շրջանները ծանօթացնող գրքոյկներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.