2011-11-01 12:23:14

2011-ը ՝ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐԻ։ (Հռչակուած Արամ Ա. Կաթողիկոսի Կողմէ)
ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԸ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ.


«Կրթէ մանուկը իր ճամբան սկսած ատեն»: Առակաց 22:6
Հայ մանուկին Աստուածաշունչի դաստիարակութեան գործընթացը պէտք է զարգանայ` հիմնուելով հետեւեալ հարցումին վրայ.
- Ինչպէ՞ս պէտք է սորվեցնել Աստուածաշունչը ։ Աստուածաշունչի դաստիարակութիւնը լաւապէս կարելի կ՛ըլլայ փոխանցել մանուկին եւ թափանցել անոր սրտին ու հոգիին մէջ, երբ կը գործածես նոյնինքն մարմնային զգայարանքները:
«…Ուրեմն հաւատքը լսելէն է…»: (Հռովմէացի10:17):Մանուկը պիտի սիրէ լսել Աստուածաշունչի պատմութիւնները: Եթէ պատմասացութիւնը անցեալին գործածուած լաւ ձեւերէն մէկն էր տեղեկութիւնները փոխանցելու,ուրեմն զայն անպայման պէտք է նկատի առնել նաեւ այսօր,որովհետեւ այս ձեւը տակաւին գործածելի եւ արդիւնաւէտ է: Պատմելով Աստուածաշունչի պատմութիւնը, իմա` ճշմարտութիւնը, եւ լսելով այդ բոլորին մասին` մանուկը պիտի իւրացնէ զանոնք եւ իր կեանքին մէկ մասը պիտի դարձնէ: Տեսողութեամբ կարելի է գրաւել մանուկին ուշադրութիւնը.մանուկը պիտի դիտէ,կարդայ,որպէսզի ամբարէ ու հիմնաւորէ բոլոր տեղեկութիւնները: Բայց ան անպայմանօրէն պիտի դպչի եւ շօշափէ, որպէսզի իր մէջ յաւելեալ հանգստութիւն եւ սէր դրսեւորուին: Աստուածաշունչի պատմութիւնները խաղերու ընդմէջէն մատուցելով մանուկին`կը նպաստենք, որ աստուածաշնչային դաստիարակութիւնը աւելի մատչելի ու դիւրաւ ընկալուող ըլլայ:
Աստուածաշունչը բոլոր ժամանակներու հոլովոյթին նաեւ չհինցող եւ չմաշող կեանքի«ուժն»է: Ան կը հանդիսանայ քրիստոնէական մեր հաւատքին հիմքը, որուն վրայ պիտի կերտենք անհատական եւ հաւաքական մեր կեանքերը:Մանուկը այս դաստիարակութեամբ թրծելը, երբ ան տակաւին «ճամբան նոր սկսած է», առաւել եւս ամուր հիմերու վրայ կը դնէ այս դաստիարակութիւնը եւ կ՛ամրապնդէ զայն Աստուծոյ շունչով :
2011-ը Մանուկի Տարի է. մեր պարտականութիւնն ու պատասխանատուութիւնն է հայ մանուկին փոխանցել Աստուածաշունչի դաստիարակութիւնը :








All the contents on this site are copyrighted ©.