2011-10-30 10:35:11

Հայազգի Նշանաւոր Դէմքեր։
Լուտեր Ճորճ Սիմճեան (1905-1997). Ամերիկեան ճարտարագիտութեան հայազգի գիւտարար-հնարիչը .


Հոկտեմբեր 23ին, 14 տարի առաջ, Մ. Նահանգներու մէջ, 92 տարեկանին 1997ին կը մահանար հայ ժողովուրդի անուանի զաւակներէն Լուտեր Ճորճ Սիմճեան, որ որպէս գիւտարար-հնարիչ կարեւոր տեղ կը գրաւէ ամերիկացի հռչակաւոր դէմքերու ոսկեմատեանին մէջ։
Ճարտարագիտական մարզէն ներս աւելի քան 200 գիւտերու հեղինակային իրաւունքը կը պատկանի Լուտեր Սիմճեանի։ Բժշկական լուսանկարչական համակարգեր, լուսանկարչական ինքնաֆոկուսաւորուող խցիկ, ինքնաշխատ (automatic) երեւակման սարք, ռազմական թռիչքներու խթանիչ (stimulator), նամակատնային սակագիներու հաշուիչ եւ նմանօրինակ բազում գործիքներու հնարիչը եղած է հայազգի այս հնարամիտ գիւտարարը։

Յատկապէս դրամաբաշխ սարքի՝ ATMի (Automated Teller Machine) գիւտը կը պատկանի Սիմճեանի, որ իր հնարած հանրայայտ «Պանքմաթիք»ով (Bankmatic) ռահվիրան եղած է մեր ժամանակներու ամէնէն ընդհանրացած դրամատնային այդ գործիքի ստեղծման ու կատարելագործման։

Լուտեր Ճորճ Սիմճեան (Luther George Simjian) ծնած էր 1905 -ի Յունուար 28ին, Կիլիկիոյ հայաշատ Այնթապ քաղաքին մէջ։ 1915ին թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութենէն վերապրած տարագիր հայերուն հետ Սիմճեաննները եւս խոյս տուին Պէյրութ , ուր կարճ շրջան մը ապրելէ ետք՝ Լուտեր անցաւ Մարսէյլ, Ֆրանսա, ուրկէ 1920ին տեղափոխուեցաւ Մ. Նահանգներ։
15 տարեկան հասակին հաստատուելով Մ. Նահանգներ՝ Քըննեքթիքըթ նահանգի Նիւ Հէվըն քաղաքին մէջ, պատանի Լուտեր կեանքի ասպարէզ նետուեցաւ իբրեւ լուսանկարիչ։ Միաժամանակ բժշկութիւն ուսանեցաւ Եալէ համալսարանին մէջ (Yale School of Medicine), մասնագիտանալով իբրեւ լուսանկարչական տարրալուծարանի գիտաշխատող։ Տարրալուծարանային լուսանկարիչի իր աշխատանքի տարիներուն, նուիրուեցաւ բժշկութեան ուսումնասիրութեան:
1928ին նշանակուեցաւ միեւնոյն համալսարանի լուսանկարչական բաժանմունքի տնօրէն եւ իրա- գործեց լուսանկարչական սարքերու կապուած քանի մը գիւտեր, ինչպէս օրինակ նկարներու մանրադիտակի լուսարձակը (projector):
1934 թուականին տեղափոխուեցաւ Նիւ Եորք, որ երիտասարդ գիւտարար-հնարիչին առջեւ նոր հորիզոններ բացաւ։
Լուտերի առաջին կարեւոր գիւտը եղաւ սեփական դէմքի լուսանկարման մեծ սարքը, որ շատ արագ տարածում գտաւ մեծ հանրախանութներու մէջ, նաեւ՝ առիթը ընծայեց հայ գիւտարարին, որպէսզի հիմնէ Photoreflex ընկերութիւնը, մեկնելով իր հնարած համանուն գործիքէն։
1939 թուականին Սիմճեանի մօտ առաջացաւ կանխիկ դրամ տրամադրող ինքնաշխատ սարքի (Automated Teller Machine - ATM) ստեղծման գաղափարը:
Լուտեր Սիմճեան առեւտրական մեծ յաջողութիւն ունեցաւ Երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին, երբ գիւտը ըրաւ ռազմական թռիչքներու սիմիւլէյթըրին՝ Optical Range Estimation Trainerին, որ կþօգտագործուէր Մ. Նահանգներու ռազմական օդաչուներու մարզումներուն ժամանակ՝ գնահատելու համար օդանաւային կազմածներու արագութիւնն ու միջտարածութիւնը:
Իր կեանքի վերջալոյսին հայազգի Ճորճ Սիմճեան գիւտարարը հաստատուեցաւ Ֆլորիտա՝ Ֆորթ Լօտըրտէյլ (Fort Lauderdale), ուր հիմնեց իր սեփական մեծ տարրալուծարանը եւ մինչեւ 92 տարեկանը աշխատեցաւ նոր գիւտերու հնարման վրայ։
Իր մահկանացուն կնքեց 23 Հոկտեմբեր 1997ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.