2011-10-30 10:35:02

Աշխարհի Բնակչութեան Թիւը 31 Հոկտեմբեր 2011-ին Կը Հասնի 7 Միլիառի


կը նախատեսուի որ 31 Հոկտեմբեր 2011-ին աշխարհի բնակչութեան թիւը հասնի 7 միլիառի, յատկանշուած՝ յաջողութիւններով, արգելքներով եւ տարակարծութիւններով։
Մինչ զաւակ ունեցող կիներուն թիւը միջին հաշուով նուազած է 1960 տարւոյն համաձայն, սակայն աշխարհի բնակչութեան թիւը հետըզհետէ աճի մէջ է։ Ընդհանուր առմամբ մարդիկը կամ աւելի տարեց եւ կամ՝ աւելի երիտասարդ են։ Մէկ կողմէն աշխարհի կարգ մը աղքատ երկիրներու մէջ, ծնունդներու թիւը բարձր ըլլալով արգելք կը հանդիսանայ այդ աշխարհամասի յառաջացման, պահելով բնակչութիւնը աղքատ վիճակի մէջ, միւս կողմէն ալ հարուստ ու յառաջացած երկիրներու մէջ ծնունդներու թիւի նուազումը, պատճառ է որ նուազին նաեւ աշխատող կամ արտադրող անձերու թիւը։
Արդ լուրջ մտահոգութիւններ կան ապագային թէ տնտեսական աճումին եւ թէ ընկերային վիճակի կենսունակութեան վերաբերեալ։








All the contents on this site are copyrighted ©.