2011-10-29 13:00:33

Քայլարշաւ Յանուն Կեանքի Փրկութեան։


Կլէնտէյլի մէջ 22 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ «Քայլարշաւ յանուն կեանքի փրկութեան» Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական գրանցամատեանի (ՈԴՀԳ) վեցերորդ քայլարշաւը ։
Աւանդական դարձած այս միջոցառումը, որու նպատակներէն է, բարձրացնել իրազեկութիւնը կազմակերպութեան գործունէութեան մասին, մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ։ Այդ մասին կը վկայէին Կլէնտէյլ Մեմորիալ հիւանդանոցի բակը հաւաքուած տարբեր տարիքի ու մասնագիտութեան քայլարշաւի մասնակիցները, պաշտօնեաներ, որոնց մէջ նաեւ՝ Գոնկրեսական Ադամ Շիֆը ու Կլէնտէյլի քաղաքապետը՝ Լորա Ֆրիդման, որոնք հանդէս եկան ողջոյնի խօսքերով, նաեւ նշելով այդ նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը։
Քայլարշաւը մեկնարկեց աղօթքով, երգ ու պարով եւ շարունակուեց Կլէնտէյլի կեդրոնական փողոցներով՝ շուրջ 6 քմ.: Կլէնտէյլցիներուն ՜՜վիրտուալ քայլքով՝՝ իրենց զօրակցութիւնը յայտնած էին Պոսթընի հայ համայնքէն: Յատկանշական էր, որ այս տարուայ քայլարշաւին մասնակցած էին մեծ թուով երիտասարդներ՝ դպրոցներէն, հանրային քոլեժներէն ու համալսարաններէն, նաեւ համայնքի տարբեր կազմակերպութիւններ, անհատներ, որոնց շնորհիւ իրականութիւն կը դառնայ ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական գրանցամատեանի ընդլայնումը եւ ակտիւ գործունէութիւնը: Արշաւի մասնակցիները կը կրէին իրենց հիւանդներու նկարներով շապիկներ, որ առաւել խորհրդանշական կը դարձնէր ձեռնարկը:
Քայլարշաւի շարունակութիւնը Վերդուգօ այգիին մէջ կազմակերպուած փառատօնն էր, որ վերածուած էր իւրատեսակ ընտանեկան տօնի:
Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական գրանցամատեանի ղեկավարը այս նախաձեռնութիւնը կը համարէ մեծ յաջողութիւն, միաժամանակ նշելով, որ աշխարհի տարբեր անկիւններէն ներկայիս իրենց դիմած շուրջ 200 հիւանդներու համար կազմակերպութիւնը յոյսի մեծ աղբիւր է:








All the contents on this site are copyrighted ©.