2011-10-29 12:58:30

Վանի Երկրաշարժէն Ճեղքուած Աղթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Գմբէթը։


Հոկտեմբեր 23ին Վանքաղաքը ու շրջակայքը հարուածող աւերիչ երկրաշարժը ճեղքում պատճառած է նաեւ Աղթամար Կղզիի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Գմբէթին: «Էրմենի-Հապեր» լրատուական կայքը Թուրքիոյ Մշակոյթի նախարարութեան աղբիւրներէն քաղած է այս տեղեկութիւնը:
«7.2 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժի հետեւանքով Վանի եւ շրջանի բազմաթիւ գիւղերու մէջ հարիւրաւոր շէնքեր փլած են,եւ թէ որոշ գիւղեր՝ ամբողջութեամբ քանդուած : Այսօրուան դրութեամբ, երկրաշարժի հետեւանքով զոհերուն թիւը դժբախտաբար կ՝աճի,եւ կը գերազանցէ 550-ը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.