2011-10-29 12:57:54

Լիպիայի Առաջնորդը Կը Քննադատէ Ատլանտեան Ուխտի Զինեալ Միջամտութիւնը Երկրին Մէջ։
Ռումբերը ոչ մէկ խնդիր լուծելու կարող են ։


Գերապայծառ Մարթինելիի` առաքելական տեղապահը Թրիփոլիի մօտ, խստիւ քննադատած է Ատլանտեան ուխտի զինեալ միջամտութիւնը երկրին մէջ, ընդգծելով, որ ռումբերը ոչ մէկ խնդիր կարող են լուծել եւ հարց տալով՝ թէ ինչպէ՞ս արեւմուտքի քաղաքակիրթ երկիրները ոյժի կը դիմեն վար առնելու համար մենատէր մը։
Թրիփոլիի առաջնորդը հաստատեց որ մշտատեւ ռմբակոծումները ահաւոր էին։
Խօսելով Լիպիոյ մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան մասին, առաջնորդը հաստատեց որ նախագահ Քատաֆի միշտ յարգած է եկեղեցին ու անոր ընծայած էր ամէն դիւրութիւն։ Պատերազմէն առաջ շուրջ 100 հազար քրիստոնեաները՝ փիլիպպեան Կղզիէն , Ափրիկէէն ու Լեհաստանէն որոնք կ'ապրէին այնտեղ հեռացան։ Հետզհետէ անոնք Լիպիա կը վերադառնան։








All the contents on this site are copyrighted ©.