2011-10-29 12:58:41

Թրքական ՝՝Հապէր- Թիւրք ՝՝Հեռուստակայանը Այսօր Կը Խօսի Կոմիտաս Վարդապետի Մասին։


Թրքական Հապէր - Թիւրք Հեռուստակայանը այսօր 29 Հոկտեմբեր Շաբաթ, երեկոյան թուրքիոյ ժամով, ժամը 18.15ին կը սփռէ ՝՝Գիշերուան Ջուրերուն Դիմաց Իսթանպուլ՝՝ անունով յայտագրի երրորդ մասը։ Այս մասը մասնաւոր կերպով կը ծանրանայ Իսթանպուլի պատմութեան վրայ եւս, ու հոն կը խօսուի նաեւ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏի մասին։ Այս պատկերասփռումին կը հիւրասիրուի Պոլսոյ Լուսաւորիչ Երգչախումբի սիրուած մեներգիչ Սերճան Կազէրօղլու։ Պարբերաբար կտորներ պիտի ներկայացուին Լուսաւորիչ Երգչախումբի երգեցողութիւններէն,հարցազրոյց մըն ալ պիտի կատարուի Լուսաւորիչ Երգչախումբի վարիչ Յակոբ Մամիկոնեանո հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.