2011-10-29 12:57:36

Աստուծոյ Աղախին Մայր Մարիա Գաթալինա Իրիկոյէն Էչէկարայ՝ Որ Այսօր Երանուհի Հռչակուեցաւ։


Հիւանդներու Առաքելութենաց Մարիամի Աղախիններու Միաբանութեան անդամ Գաթալինա Իրիկոյէն Էչէկարայ կը ծնի Բամբլոնա՝ սիրտը եւ գլխաւոր քաղաքը Սպանիոյ Պասքերու Նավարրա մարզի՝ 25 նոյեմբեր 1848ին աստուածասէր ծնողքէ մը, ութը-քոյր եղբայրներու վերջինը երկուորեակը եօթներորդին ։ Իր պատանեկութիւնը ու երիտասարդութիւնը կ՝անցնէ իր երկիւղած ընտանիքի յարկին տակ, եւ կը յաճախէ Տոմինիքեան Մայրապետներու դպրոցը ,ուր կը զանազանուի իր խոր Հաւատքով,Սուրբ Հաղորդութեան վառ հոգեւորութեամբ եւ որդիական բարեպաշտութեամբ Սուրբ Կոյսի նկատմամբ։
Բամբլոնայի Մարիամի Աղախիններու Միաբանութիւնը կը մտնէ 33 տարեկանին,1881ին, իսկ իր մշտնջենական ուխտերը կը կատարէ 1889-ին։ Մատրիտ քաղաքը եղած է Մայր Գաթալինայի կեանքի բեմը մինչեւ մահը,իսկ Քրիստոսը հանդիսացած՝ կեդրոնը իր էութեան։ 23 տարի անդադար ծառայած է հիւնադներուն ,իսկ իր կեանքի վերջին եօթը տարիները,երբ կը տառապէր ոսկրային թոքախտէ,կ՝անցնէ նուիրատուութիւններ հաւաքելով, որպէսզի Միաբանութիւնը կարենայ կատարել իր առաքելութիւնը ։ Կը վախճանի 10 Հոկտեմբեր 1910-ին Մատրիտ՝ Սրբութեան համբաւով։
Ներկայիս, Հիւանդներու Առաքելութեան Նուիրուած Մարիամի Աղախիններու Միաբանութիւնը կը հաշուէ 1.600 կրօնաւորուհիներ տարածուած 115 Միաբանութիւններու մէջ ,եւ ներկայ է Եւրոպայի,Ամերիկայի,Ափրիկէի ու Ասիոյ 22 Երկիրներուն մէջ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.