2011-10-29 12:57:00

Ասիզիի Մէջ Կրօնապետերը Վերահաստատեցին Իրենց Յանձնառումը, Գործելու Խաղաղութեան Ի Խնդիր։
''Այսօր եւս խաղաղութիւնը կարելի է''։


Երկրագունդի գլխաւոր կրօններու ներկայացուցիչները, Ասիզիի մէջ, անգամ մը եւս վերահաստատեցին իրենց յանձնառումը խաղաղութեան ի նպաստ, Ասիզիի արարողութեան ընթացքին 27 հոկտեմբեր 2011ին։
Յաջորդաբար խօսք առին 12 պատասխանատուներ, որոնց կարգին հայ եկեղեցւոյ պատիուիրակութեան գլուխը Նորվան Արք. Զաքարեանը։
Ամէն ներկայացուցիչ բոլորին առջեւ իր մայրենի լեզուով յանձնառու եղաւ, յանուն իր հասարակութեան, աշխատելու խաղաղութեան համար։ Համաշխարհային լուտերականներու նախագահը Մունիպ Եունան դատապարտեց կրօնքի անունով կատարուած ամէն բռնութիւն։ Ասորիներու օրթոտոքս պատրիարք՝ Գրեգորիոս մաղթեց փոխադարձ ներում անցեալի ու ներկայի նախապաշարումներու համար, ընդգծելով որ անցեալէն պէտք է սորվինք թէ առանց արդարութեան չկայ խաղաղութիւն։ Թաոյի կրօնքի ներկայացուցիչը խոստացաւ ըլլալ թշուառութենէն ու առանձնութենէն տառապողներու կողքին։ Ճաբոնի ներկայացուցիչը հաստատեց քաջալերել բոլոր այն նախաձեռնութիւնները որոնք կը միտին ամրապնդել բարեկամութիւնը ժողովուրդներու միջեւ ու հակառակիլ բոլոր անոնց դէմ, որոնք կ'աշխատին աշխարհի կործանումին ու մահուան։
Կ.Պոլսոյ պատրիարքը արտայայտուեցաւ կրօններու պատգամի աղաւաղումին դէմ , վախ յայտնելով Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ճակատագրին համար։
Զանազան միջամտութիւններու աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կրկնեց երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետին խօսքերը. ՜՜ոչ՝ բռնութեան, ոչ՝ պատերազմի, ոչ՝ ահաբեկչութեան։ Յանուն Աստուծոյ թող ամէն կրօնք աշխարհին տայ արդարութիւն, խաղաղութիւն, ներում , կեանք ու սէր։
Արարողութեան աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Գանթերպուրիի անկլիգան արքեպիսկոպոսի ու Մունիպ Եունանին հետ միասին պահ մը աղօթք կատարեց ս. ֆրանչիսքոսի դամբանին առջեւ։ Հուսկ մասնակցողները շոգեկառքով Հռոմ վերադարձան։








All the contents on this site are copyrighted ©.