2011-10-29 12:56:48

Անկոլայի Եպիսկոպոսներուն Հնգամեայ Կանոնական Այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի Յաջորդին:


Հոկտեմբեր 24 - 31, Անկոլայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի եպիկոպոսները Վատիկան կը ժամանեն հնգամեայ կանոնական այցելութիւն կատարելու Սուրբ Պետրոսի Յաջորդին։ Սրբազան Քահանայապետը շաբթուայ ընթացքին խումբ առ խումբ կ'ընդունի զանոնք։
Անկոլան Ափրիկեան ցամաքամասի ամենամեծ տարածութիւն ունեցող հինգերորդ երկիրն է` Սուտանէն, Գոնկոյէն, Ալճերիայէն եւ Լիպիայէն ետք։
Անկոլայի բնակչութեան թիւը 16.335.000 -ի կը հասնի որոնց մեծամասնութիւնը Պանթու ցեղի կը պատկանի։ Խօսուած լեզուներն են Փորդուկալերէն, Պանթու եւ Խոյզան լեզուները կամ բառբարները։ Երկրին բնակչութեան մեծամասնութիւնը քրիտոնեայ են որոնց 55.6%Կաթողիկէ` 15% բողոքական ու ապա 28% աւանդական կրօններու հետեւորդներ մինչ մահմետականներու թիւը 80 - 90 հազար է։ Անկոլան նախագահական հանրապետութիւն մըն է։

Անկոլայի Եկեղեցին կազմուած է 5 եկեղեցական գաւառներէ` 5 Արքեպիսկոպոսական թեմերէ ու 15 թեմերէ։ Անկոլայի եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի նախագահն է Լուպանկոյի Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Կապրիէլ Մպիլինկի։Անկոլայի եկեղեցին հիմնուած է 1491ին երբ բորդուկալցի առաքեալներ ընդառաջելով Գոնկոյի Թագաւոր` Նծինկա ա Նգուվույի խնդրանքին, հաստատուեցան Անկոլա ու քարոզելով քրիտոնէութիւնը դարձի բերին Թագաւորն ու Ժողովուրդը։
Նախապէս առաջին առաքեալները եղած են անկոլացի չորս բնիկներ որոնք Լիզպոնայի մէջ ընդգրկած էին քրիստոնէութիւնը ու վերադառնալով իրենց երկիրը համոզած էին թագաւորը հիւրասիրելու բորթուկալցի Միսիոնարները։ 1992-ի՝ յունիս 4 - 10, ՅՊԲ Հովուական Այցելութիւն կատարած է անկոլայի թեմերուն իսկ 2009-ի՝ մարտ 20 - 23, Պենետիկտոս ԺԶ այցելած է երկիրը յանձնելով Ափրիկէյի ի նպաւտ Յատուկ Սիւնոտոսի Աշխատանքային Թղթածրարը։
1975 - 2002 Անկոլան ենթակայ եղաւ քաղաքացիական պատերազմի, որ աւելի քան 500 հազար զոհ պատճառեց , առանց հաշուի առնելու ծանր վիրաւորեալները` որբերն ու գաղթականութեան ենթարկուողնները։
27 տարուայ այս քաղաքացիական պատերազմի պատճառները եղած են, երկրի բնական հարստութեան տիրացումը, ինչպէս՝ քարիւղը եւ ադամանդները։
2002ին քաղաքացիական պատերազմի առաջին դերակատարներու մահով, սկիզբ առաւ դժուար բանակցութիւն մը, որ վերջ դրաւ պատերազմին ու երկրի քաղաքականութեան յեղաշրջումին։ Անկոլան այսօր կը դասուի բարեկեցիկ երկիրներու շարքին հարուստ իր քարիւղով ու ադամանդային արտադրութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.