Վան Քաղաքի Երկրաշարժի մասին REUTER Լրատու Գործակալութեան Տեղեկութիւնը Դժգոհութեան
Տեղի Տուած Թուրքիոյ Մէջ։ 915-ին մեծ թիւով Հայեր Հոն Սպանդի Ենթարկուած են։
Միջազգային REUTER Լրատու Գործակալութիւնը ընդգծած էր թէ Երկրաշարժի Վայրը Քրտաբնակ է
եւ թէ 1 Թրքական ՝՝ Ռատիքալ՝՝ օրաթերթը արձագանգ հանդիսացաւ Վանի երկրաշարժի կապակցութեամբ
միջազգային Ռոյթէրս լրատու գործակալութեան կողմէ կատարուած լրատուութեան մը, որ դգժգոհութիւն
ստեղծած է Թուրքիոյ մամլոյ շրջանակներէն ներս։ Ռոյթերս գործակալութիւնը երկրաշարժի լուրը
տալու ընթացքին դիտել տուած էր թէ ՝՝այդ շրջանը Քրտաբնակ շրջան է, եւ թէ 1915-ին ալ
մեծ թիւով Հայեր այդ հողերուն վրայ սպանդներու ենթարկուած ու աքսորուած էին՝՝։ Աղէտի
մը լրատուութեան մէջ այսպիսի քաղաքական ընդգծումները անտեղի նկատուեցան թուրքիոյ զանազան
լրագրողներու կողմէ։