2011-10-28 13:23:01

Ռատիօ Վատիկանի 80-րդ Տարեդարձին Առթիւ Ճանչնաք Ռատիօ Վատիկանի Յայտագիրները։


Հնդկաստանի Մալայալամ Բարբառով Յայտագիրը
Ռատիօ Վատիկանի 80-րդ Տարեդարձի առթիւ 1931 - 2011, ամէն շաբաթ մեր ունկնդիրներուն կը ներակայացնենք Վատիկանի ձայնասփիւռի 44 լեզուներով սփռուող յայտագիրներէն մէկը։
Այսօր կը խօսինք Մալայալամ յայտագրի մասին։

80 տարիներ առաջ սկիզբ առին Ռատիովատիկանի սփռումները իտալերէն եւ լատիներէն լեզուներով ու ապա հետզհետէ անոնց վրայ աւելցան ուրիշ լեզուներ։ 1958-ին սկիզբ առին հարաւային Ասիոյ համար անգլերէն լեզուով յայտագիրներ ու ապա նկատի առնելով այդ շրջանի մէջ խօսուած տարբեր լեզուներն ու մշակոյթները Հնդկաստանի համար ստեղծուեցաւ յատուկ մասնաճիւղ մը ։
Այսպէս 1965-ի մայիսին՝ սկիզբ առին Հնդկաստանի տարբեր շրջաններու լեզուներով՝ Հինտի, Թամիլ եւ Մալայալամ յայտագիրներու սփռումները ։
Սկզբնական շրջանին, սփռումները շաբաթը երկու անգամ 10 վայրկեան տեւողութեամբ էին, 1985-էն սկսեալ անոնք հասան 15 վայրկեանի, հուսկ՝ 1993 էն ի վեր 20 վարկեան տեւողութեամբ յատագիր կը սփռուի։
Յատագիրի բովանդակութիւններն են Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը, անոր պատգամները, Հրեշտակ Տեառն կիրակնօրեայ մարեմեան աղօթքը, Սուրբ գրային ընթերցում ու անոնց մեկնութիւնը եւ եկեղեցական լուրեր։

Ռատիովատիկանի յեղաշրջումի հետ, Մալայալամ յատագիրը եւս կը դիմէ արդիական համացանցային միջոցներուն, Քահանայապետին ձայնը հասցնելու համար ամենուրէք ու մանաւանդ հարաւային ասիոյ Գերալա Նահանգի բնակչութեան ու հաւատացեալներուն, առիթ ընծայելով անոնց, ապրելու՝ իրենց հաւատքը առանց կաշկանդումի ։








All the contents on this site are copyrighted ©.