2011-10-28 13:20:45

Պենետկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ասիզիի Մէջ։


Երջանկայիշատակ ՅՊԲ .ի նախաձեռնութեամբ 1986 -ի կատարուած ՜՜Յիշատակելի Եւ Աննախնթաց Միջեկեղեցական Հաւաքի 25-ամեակի Առթիւ՝՝ Պենետկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը հինգշաբթի 27 հոկտեմբերին աշխարհի համայն կրօններու 300 ներկայացուցիչներուն հետ միասին շոգեկառքով մեկնեցաւ Ասիզի ուր անցուց ամբողջ օրը, նշելու՝ ՜՜ Խորհրդածութեան, Երկխօսութեան Ու Աշխարհի Մէջ Խաղաղութեան Եւ Արդարութեան Հաստատումի Աղօթքի Օրը՝՝։ Յայտագիրը կը նախատեսէր երկու կարեւոր հանդիպումներ. առաջինը՝ առաւօտեան ժամը 10-ին, Santa Maria degli Angeli անուան Պազիլիքայի մէջ, իսկ երկրորդը՝ յետ միջօրէի ժամը 16.20-ին, Ս. ֆրանչէսկոս Ասիզացիի հրապարակի վրայ, ուր աշխարհի զանազան կրօններու պետերը հանդիսաւորապէս նորոգեցին իրենց յանձնառումը, գործելու՝ խաղաղութեան հաստատումին ի խնդիր։
Այս առթիւ Սրբազան Հայրը շնորհակալութեան ողջոյնի խօսք մը ուղղեց բոլոր հիւրերուն, կաչմակերպիչերուն, Ասիզի քաղաքին, Թեմի եպիսկոպոսին ու ֆրանչիսկեան միաբանութեան։
Նորին Սրբութիւնը ապա յատուկէն ողջունեց երիտասարդները որոնք հետիոտն ուխտագնացութիւն կատարած էին մեկնելով՝ Santa Maria degli Angeli պազիլիքայէն մինչեւ Ս. ֆրանչիսկոսի հրապարակը, ուր տեղի ունեցաւ եզրափակիչ արարողութիւնը։ ՜՜Շնորհակալութիւն - ըսաւ նորին սրբութիւնը - ձեր տուած վկայութեան համար, որ ցոյց կու տայ թէ նոր սերունդին մէջ եւս կան անհատներ որոնք յանձնառու են գերազանցելու բռնութիւններն ու բաժանումները, եւ կը նախաձեռնեն որպէսզի հաստատուի արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը։
Նշենք որ՝ հաւաքին ընթացքին ելոյթ ունեցան նաեւ այլ կրօններու ներկայացուցիչներ որոնք իրենց միջամտութիւններուն մէջ հաստատեցին խաղաղութեան եւ համակեցութեան կարեւորութիւնը։
Հաւաքի աւարտին` երեկոյան ժամը 20.30-ին` Նորին Սրբութիւնը կրօնապետերու ընկերակցութեամբ վերադարձաւ Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.