2011-10-28 13:23:18

Թուրքիա ՝Հայաստանէն Եւս Օժանդակութիւն Խնդրեց։ Հայաստան Այսօր Օգնութիւն Կ՝ուղղարկէ Թուրքիոյ։


Հայաստան երէկ Թրքական Կարմիր Մահիկի եւ Եւրատլանտեան Աղէտներու արձագանգման համակարգման Կեդրոնի միջոցով ստացած է Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ օգնութեան պաշտօնական դիմումը:

Այսօր 28 Հոկտեմբեր Հայաստանի ժամով՝ ժամը շուրջ 13.00ին Երեւանի Էրեբունի օդակայանէն ՀՀ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան ներկայացուցիչները՝՝ Իլ-76 ՝՝ օդանաւով Թուրքիոյ Էրզրում քաղաքը կը տեղափոխեն ՀՀ Կառավարութեան աջակցութիւնը՝ 40 թոն բեռ,աւելի քան 100 վրաններ , 500 քնապարկեր եւ մօտ 7000 անկողնային պարագաներ։

Վանի աւերիչ երկրաշարժէն մէկ օր առաջ Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) Սբ. Կիրակոս եղեկեցւոյ բացման եւ օծման արարողութեան մասնակցելու նպատակով Թուրքիա գացած էին ԱԺ պատգամաւոր Արագած Ախոյեան եւ “Ակունք” խումբի ներկայացուցիչները: Այդ առթիւ Տիգրանակերտ ժամանող հիւրերը կ՝իջեւանէին Վանի մէջ , որովհետեւ ճամբու վրայ է: Արագած Ախոյեան եւ խումբի միւս անդամները Վանի իշխանութեան առաջարկած էին իրենց օգնութիւնը: Սակայն մարդասիրական այս առաջարկին Վանէն արձագանգած էին՝ ըսելով “Շնորհակալ ենք, այժմ ոչ՝՝։
Բայց ինչպէս որ նշեցինք այսօր Թուրքիա կը հասնի ՀՀ Կառավարութեան պատրաստած օժանդակութիւնը ։ Միւս կողմէ վերջին տուեալներու համաձան դժբախտաբար երկրաշարժի զոհերու թիւը հասած է 570-ի,իսկ վիրաւորներունը՝2.555ի։ Իսկ 187 անձեր ողջ ըլլալով դուրս բերուած են փլատակներէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.