2011-10-27 13:18:14

ֆրանսայի Օրթոտոքս Եկեղեցին Կ'ողջունէ Ասիզիի Ոգին, Ընդգծելով Միջկրօնական Երկխօսութեան Կարեւորութիւնը։


ֆրանսայի օրթոտոքս եկեղեցին ողջունած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին կամքը Ասիզիի մէջ կազմակերպելով միջկրօնական հանդիպումը 27 հոկտեմբերին, վերակոչելու երջանկայիշատակ ՅՊԲ քահանայապետի առաջին հանդիպումը, ճիշտ 25 տարի առաջ։ Օրթոտոքս եպիսկոպոսներու գնահատումով ամէն երկխօսութիւն, ըլլայ միջեկեղեցական թէ միջկրօնական, ինքնին առիթ մըն է իրար զիրար ճանչնալու եւ ընդունելու, ու կը սատարէ խաղաղութեան, յառաջդիմութեան ու փոխադարձ յարգանքի ամրապնդումին։ Յայտնենք որ ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ եւս կը վերակոչուի Ասիզիի կրօններու առաջին հանդիպումին 25րդ տարեդարձը ''կրօններու հանդիպում'' անուան տակ, նախաձեռնութեամբ՝ Փարիզի առաջնորդ կարտինալին ու Սան Էճիտիօ ընկերակցութեան, եւ մասնակցութեամբը՝ օրթոտոքս ու բողոքական եկեղեցիներու ու նաեւ՝ մահմետական եւ պուտտայական կրօններու ներկայացուցիչներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.