2011-10-27 12:45:17

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Կոչը Թուրքիոյ Վան քաղաքը ու Շրջակայքը Հարուածող Աղէտալի Երկրաշարժի Առթիւ ։


26 Հոկտեմբերին Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ կայացած Ժամասացութեան
աւարտին,(փոխան Չորեքշաբթի օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութեան ) Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը սրտառուչ կոչ մը ուղղեց Թուրքիոյ Վան քաղաքը ու շրջակայքը հարուածող ահաւոր երկրաշարժի առթիւ։ Իմ մտածութիւնը(ըսաւ Սրբազան հայրը) սա պահուն կ՝ուղղուի կործանիչ գետնաշարժէն տուժող Թուրքիոյ բնակիչներուն, գետնաշարժը որ մեծաթիւ զոհեր խլեց՝ եւ նիւթական մեծ վնասներ պատճառեց ։ Այժմ ձեզ բոլորդ կը հրաւիրեմ ինծի հետ միասին աղօթելու ՝ որպէսզի հոգեպէս մօտ ըլլանք բոլոր անոնց որոնք մեծապէս տուժեցին այս աղէտէն ։
Հայր Աստուած թող նեցուկ կանգնի նաեւ բոլոր անոնց որոնք անխոնջ կ՝աշխատին, տուժողներու օգնութեան հասնելու համար։

Իսկ Թուրքիա վերջապէս ընդունեց Վանի աւերիչ երկրաշարժէն վնասուածներուն օժանդակելու պատրաստակամութիւն յայտնած երկիրներուն օգնութիւնը: Թուրքիոյ կառավարութիւնը խնդրած է օգնել աղէտի գօտիի բնակչութեան` նշելով երեսուն երկիրներու անուններ, որոնց շարքին` Իսրայէլը, Միացեալ Նահանգները եւ Ռուսիան:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Թուրքիա պատրաստ է ընդունելու միջազգային օժանդակութիւն այն երկիրներէն, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են մասնակցելու աղէտի հետեւանքներու վերացման աշխատանքներուն: Անգարա պատկան մարմիններուն հրահանգած է դիմել բոլոր այն երկիրներուն, որոնք նախապէս պատրաստակամութիւն յայտնած էին Թուրքիոյ օժանդակելու:
Նշենք, որ միջազգային մամուլը, մատնանշելով երկրաշարժի աղէտալի հետեւանքները եւ աղէտի գօտիին մէջ մարդասիրական օգնութեան խիստ պակասը, սուր քննադատութեան ենթարկած էր Թուրքիոյ իշխանութիւնները: Պաշտօնական տուեալներով` զոհերուն թիւը բարձրացած է 523-ի, իսկ վիրաւորներունը`աւելի քան 1600-ի:








All the contents on this site are copyrighted ©.