2011-10-27 13:17:39

Պաշշար Ասսատ– Արաբական Լիկայի Յանձնախումբի Հանդիպումները Պիտի Շարունակուի Նաեւ 30 Հոկտեմբերին ։


Արաբական Լիկային կողմէ Քաթարի գլխաւորութեամբ կազմուած պատուիրակութիւնը երէկ Դամասկոս այցելելով երկարատեւ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասսատի հետ: Սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Արաբական լիկայի պատուիրակութեան հետ Ասսատի հանդիպումին ընթացքին դրական մթնոլորտ տիրած է:
Հանդիպումէն ետք Քաթարի վարչապետ Համատ պըն Ժասեմ պըն Ժապր Ալ Թանի յայտարարեց, որ «նախագահ Ասսատի հետ հանդիպումը լաւ էր» եւ հանդիպումին ընթացքին Տամասկոս տագնապի լուծման համար արաբական յանձնախումբին հետ աշխատելու նախանձախնդրութիւն ցուցաբերած է` աւելցնելով, որ «հանդիպումը պիտի շարունակենք այս ամսուան 30-ին»:
Նշենք, որ մինչ այդ Տամասկոսի «Ումաուիյին» հրապարակին վրայ արտաքին միջամտութիւնը մերժող եւ ազգային անկախ որոշումին զօրակցող բազմամարդ հաւաք մը տեղի ունեցաւ:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Ամմանի մէջ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Նասեր Ժաուտաթի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիա նախապէս արտայայտած է Սուրիոյ իրադարձութեանց նկատմամբ իր կեցուածքը, որ այդ դէպքերը կը նկատէ «ցաւալի, իսկ սուրիական կառավարութեան կատարած գործողութիւնները` անմարդկային»:
Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ կացութիւնը Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մնացեալ դրացիներուն վրայ ալ կ՛ազդէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.