2011-10-27 13:17:49

՝՝Այս Ժողովուրդը Իր Հերոսներու եւ Մշակոյթի Միջոցով Կրցած է Վերականգնիլ՝՝ Կը Գրեն Ֆրանքոֆոն Քաղաքապետերը որ Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ։


Ֆրանքոֆոն Քաղաքապետերու Միջազգային Ընկերակցութեան համաժողովի Պատուիրակութիւնը այցելած է Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր: Ինչպէս կը յայտնեն Երեւանի քաղաքապետարանէն, Պատուիրակութեան անդամները ծաղկեպսակ դրած են Մեծ Եղեռնի զոհերու Յիշատակին եւ ծաղիկներ` Անմար Կրակի մօտ:
Այնուհետեւ Պպատուիրակները շրջած են Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, ծանօթացած թանգարանի ցուցադրութեան եւ արձանագրութիւններ կատարած՝ թանգարանի պաշտօնական այցելութիւններու յուշամատեանին մէջ, ուր մասնաւորապէս նշած են. “Եկած է ժամանակը, որ մարդկութիւնը դառնայ մարդկային”, “Յարգանքի տուրք մատուցելով մարդկութեան դէմ զոհերու յիշատակին` ես, այնուամենայնիւ, կը տեսնեմ, որ այս ժողովուրդը իր հերոսներու եւ մշակոյթի միջոցով կրցած է վերականգնիլ”, “Պէտք է բոլորս յիշենք մէկ բան` մենք բոլորս պէտք է մեզի պատասխանատու զգանք ու խօսինք այդ մասին եւ անով փոքր չափով փարատենք կոտորուած այս ժողովուրդի վէրքերը”:








All the contents on this site are copyrighted ©.