Մոսկուա- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ Հոկտեմբեր 23ին պետական այցով մեկնեցաւ
Մոսկուա, իր կնոջ՝ Ռիթա Սարգսեանի եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի հետ մասնակցած
է Մոսկուայի մէջ Հայ առաքելական եկեղեցական նորակառոյց համալիրի Մայր տաճարի գմբէթի խաչերուն
օրհնութեան եւ օծման արարողութիւններուն: Մոսկուայի կեդրոնը կառուցուող հայկական եկեղեցական
համալիրը կը գրաւէ 1.32 հեքթար տարածք: Շինարարական բուն աշխատանքները սկսած են 2006ին։
Համալիրը կ՛ընդգրկէ Մայր տաճարը, Ս. Խաչ փոքր եկեղեցին, առաջնորդարանի շէնքը, կրթամշակութային,
վարչական եւ հիւրանոցային մասնաշէնքերը, հանդիսութիւններու եւ հիւրասիրութիւններու սրահները
եւ թանգարանը: Համալիրը ազգային ճարտարապետական կանոններուն համապատասխանող կառոյց է,
որուն մասնաշէնքերը կառուցուած են բաց ծիրանագոյն, իսկ Մայր տաճարը՝ վարդագոյն տուֆով՝
բերուած Անի քաղաքէն: Համալիրին զարդը տուֆակերտ Մայր տաճարն է՝ գօտեւորուած խաչերով,
զարդաքանդակներով ու Մեսրոպեան գիրերով: Համալիրի շինարարական աշխատանքները աւարտած են,
եւ այժմ կը կատարուին Մայր տաճարի եւ մասնաշէնքերու ներքին յարդարման աշխատանքները: