2011-10-26 13:24:21

Թրքական Ուժեր Դարձեալ Իրաք Կը Խուժեն:


Թրքական զինուորական աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25ին, թրքական ռազմական օդանաւեր անգամ մը եւս ռմբակոծած են հիւսիսային Իրաքի մէջ գտնուող Քիւրտիստանի բանուորական ապստամբներու դիրքերը, մինչ մօտաւորապէս հազար թուրք զինուորներ, անգամ մը եւս սահմանը խախտելով՝ Իրաք ներխուժած են՝ յառաջանալով մինչեւ 12 մղոն:
Յատկանշական է, որ Երկուշաբթի օր թրքական զինուորական աղբիւրներ հաղորդած էին, թէ հիւսիսային Իրաքէն ներս անցեալ շաբաթ սկսած իրենց նորագոյն գործողութիւնը աւարտած է:
Ըստ թրքական աղբիւրներու, այս տարուան Օգոստոս 17էն ի վեր, հիւսիսային Իրաքի Քիւրտիստանի բանուորական ապստամբներու դիրքերուն վրայ թրքական յարձակումներուն հետեւանքով սպաննուած են 250էն -270 քիւրտ ապստամբներ, սակայն քրտական աղբիւրները այդ թիւը չափազանցուած կը համարեն:








All the contents on this site are copyrighted ©.