2011-10-25 13:12:20

Մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդը տնտեսական ուսումնաժողով կը գումարէ Հնդկաստան։


25-29 հոկտեմբեր Հնդկաստանի Պանկալոր քաղաքը կը հիւրընկալէ տնտեսական ուսումնաժողով մը կազմակերպութեամբ Մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի։ Ժողովին կը մասնակցին երկու կարտինալներ եւ 32 եպիսկոպոսներ։ Այս ուսումնաժողով Մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդը կ'ուզէ ցոյց տալ որ տնտեսութիւնը լոկ շուկայի ու ֆինանսի գիտութիւն մը չէ, այլ մշակոյթները կառավարող մարդկային գիտութիւն մըն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.