2011-10-25 13:10:22

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը
Հաւատոյ Տարին


Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէն Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին իր այս շաբթուայ խմբագրականը կը կեդրոնացնէ Սրբազան Քահանայապետի հռչակած՝ Հաւատոյ Տարւոյն, որ Հայր Լոմպարտիի գնահատանքով կարելի է դասել ՜՜Սրբազան Հօր քահանայապետութիւնը յատկանշող նախաձեռնութիւններէն մին՝՝։
Սրբազան Քահանայապետին այս առթիւ յղած նամակի առաջին նախադասութիւնները անմիջապէս մեր յիշողութիւնը կը տանի Նորին Սրբութեան Սիքստինեան սրահին մէջ արտասանած իր առաջին խօսքին, անոր քահանայապետ ընտրուելուն յաջորդ օրը ուր կը հաստատէր <<անհրաժեշտութիւնը՝ վերագտնելու հաւատքի ճանապարհը բացայայտօրէն լուսարձակի տակ դնելու Քրիստոսի հետ հանդիպելու ուրախութիւնն ու խանդավառութիւնը >>։ Միաժամանակ մենք մտաբերենք սրբազան հօր գերմանիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին արտասանած ճառերու կեդրոնական նիւթը, ինչպէս նաեւ՝ Նոր Աւետարանացումի Ժողովի հաստատումի կարեւորութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը Հաւատոյ Տարւոյն նշումը կը կապէ Վատիկանեան Տիեզերական Երկրորդ Ժողովի 50 ամեակին։ Մինչ՝ Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Ժողովը տակաւին վիճաբանութիւններու ենթարկուած է` հարկ է որ անոր թողած հարուստ ժառանգութիւնը ինչպէս նաեւ այս ժառանգութեան գործադրումը Աստուծոյ Ժողովուրդի կողմէ ունենայ իբրեւ ՜՜ղեկ եւ ուղղութիւն՝՝ Սրբազան Քահանայապետը այնպէս ինչպէս Ան (Տիեզերական ժողովը) հռչակուած էր քահանայապետներու կողմէ եւ եղած է եկեղեցւոյ ճանապարհորդութեան կողմնացոյցը։

Պենետիկտոս ԺԶ սակայն կը յիշեցնէ նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիտոնէականի հրատարակումի 20 ամեակը որ երջանկայիշատակ ՅՊԲ.ի խնդրանքով տպագրուած էր Տիեզերական Ժողովի ուղիի հաւատարմութեամբ, մեր հաւատքը ամբողջութեամբ բացայատելու այսօրուայ աշխարհին ։

Հաւատոյ տարին պիտի հանդիսանայ պատմութեան նոր հանգրուան մը, կենդանի ուղեւորութիւն մը՝ սկսեալ ստեղծագործութենէն, Աբրահամէն` Մովսէսէն, Դաւիթէն ու մարգարէներէն, այս վկաներէն որոնց մասին կը խօսուի Հրեաներու ուղղուած թուղթին մէջ` որուն մաս կը կազմեն նաեւ Աստուածամայրը ու առաքեալները, նահատակներն ու սուրբերը եւ որոնց շարքին Նորին Սրբութիւնը կը յորդորէ մեզ դասելու նաեւ մենք զմեզ <<մեր նայուածքը կեդրոնացնելով Յիսուսի վրայ, որ հաւատքի հեղինակն ու կատարելագործն է>>։
Ասկէ աւելի կարեւոր ի՞նչ կարելի է որ ըսէ մեզի ճանապարհորդ Աստուծոյ Ժողովուրդին Հովիւը։








All the contents on this site are copyrighted ©.