2011-10-24 16:34:46

Տիգրանակերտի Մէջ Ս. ԿԻՐԱԿՈՍ Եկեղեցւոյ Բացումը Տեղի Ունեցաւ Հայածէս Սուրբ Պատարագով ։


30 տարուան ընդմիջումէ մը ետք, 23 Հոկտեմբերին, Տիգրանակերտի մէջ (ՙDIYARBAKIR) վերաբացուեցաւ Ս. Կիրակոս Հայ Եկեղեցին: (Թուրքիոյ եւ Միջին Արեւելքի Հայկական Ամենամեծ Եկեղեցին նկատուած )։
22 հոկտեմբերին կէսօրէ առաջ ժամը 11.00-ին, աւելի քան 1000 հայերու մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատոյց Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան: Պատարագը մատուցուեցաւ Տիգրանակերտի քաղաքապետարանի աշխատակիցներուն եւ ոստիկանութեան հսկողութեան տակ:
Շաբաթ, 22 հոկտեմբերի երեկոյեան կատարուած էր Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերաբացումը եւ վերաօծումը, որմէ ետք Տիգրանակերտի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրն ու Սուրիի քաղաքապետը, Միացեալ Նահանգներէն եւ Հայաստանէն ժամանած հիւրերը հրաւիրած էին ընթրիքի: Ընթրիքի ընթացքին Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանն ու Միացեալ Նահանգներու Պատուիրակութիւնը պարգեւատրած էին երկու քաղաքապետները:
Տիգրանակերտի քաղաքապետը Տիար Օսման Պայտեմիր իսկապէս ամէն ջանք ի գործ դրած էր Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցին վերանորոգելու համար։ Նաեւ ինքն է որ քաղաքի փողոցներուն մէջ կախել տուած է ՝ ՝Բարի Եկաք Ձեր Տունը՝՝ պաստառները։ Իսկ Եկեղեցւոյ պատուհաններու ապակիները գունագեղ զարդարանքներ կը կրէին,իրենց կեդրոնը ունենալով 1376 թուականը,որ Եկեղեցւող հիմնարկութեան թուականը կը նկատուի։
Այս առթիւ բացումը կատարուեցաւ նաեւ ՝՝Տիգրանակերտի հայերը՝՝ ցուցահանդէսին թուրք հրատարակիչ Օսման Քէօքէրի համակարգումով։
Յիշեցնենք, որ Համաշխարհային Ա. Պատերազմին, Գերմանացիներուն կողմէ իբրեւ կեդրոնատեղի օգտագործուած, ապա պահեստանոցի վերածուած Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ վերանորոգման համար ծախսուած է 3.4 միլիոն տոլար, որուն 70 առ հարիւրը տրամադրած են Պոլսոյ հայ համայնքն ու տիգրանակերտցի հայերը, մինչ 30 առ հարիւրը հոգացած է Տիգրանակերտի Քաղաքապետութիւնը:
Ս. Կիրակոս Եկեղեցին այսուհետեւ պիտի ըլլայ Գործող Եկեղեցի:








All the contents on this site are copyrighted ©.