2011-10-24 13:28:14

Հայր ֆաուսդօ Թենդորիօ՝ Փիլիպպեան Կղզեխումբի Մէջ Ահաբեկիչներու Կողմէ Սպաննուած Քահանան, Ճանչցուած Է Որպէս ՜՜ Բարի Եւ Արի Հովիւ Մը՝՝։


Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը հաղորդելով Փիլիպպեան կղզեխումբի՝ Առական շրջանի մէջ, 59-ամեայ հայր ֆաուսդօ Թենդորիոյի սպաննութեան լուրը կը գրէ, ՜՜ ան եղաւ բարի քահանայ մը, եռանդուն հաւատացեալ, երկար տարիներուն ընթացքին անխոնջ կերպով եւ քաջութեամբ իր առաքելութիւնը կատարեց փիլիպպեան կղզեխումբի ժողովուրդին մօտ՝՝։ Ան անդամ էր օտար առաքելութիւններու քահանայապետական հաստատութեան։
Նշենք որ հայր Թենդորիօ 30 տարիէ, իր առաքելութիւնը կը կատարէր Մինտանաօ կղզիին մէջ։ Վերոյիշեալ կղզին տարիներէ ի վեր թիրախ է անջատողական մահմետականներու եւ ոճրագործ խմբակներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.