2011-10-24 12:38:21

Գիւտ Խաչի Տօնը՝Պէյրութի Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ։


Կիրակի, 23 հոկտեմբերին (2011), Գիւտ խաչի կիրակի օրը, նշուեցաւ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը, Ս. պատարագով զոր մատոյց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Այս առթիւ առաջնորդը քարոզ մը արտասանեց որուն մէջ յիշեց հայ եկեղեցւոյ Խաչի նուիրուած տօները, Ա) Գիւտ խաչի տօնը, որ կը խորհրդանշէ այն դէպքը, երբ Հեղինէ թագուհին կը փնտռէ եւ կը գտնէ Քրիստոսի խաչափայտը, բ) Երեւման Ս. խաչի տօնը, երբ Երուսաղէմի վրայ փայլուն խաչը երեւցաւ, գ) Խաչվերացի տօնը, երբ Երուսաղէմի մէջ գտնուած խաչը պարսիկները գերի տարին, ապա քրիստոնեաները վերադարձուցին զայն, դ) Վարագայ խաչի տօնը, երբ Ս. Հռիփսիմէի ունեցած խաչափայտի մասունքը, որ կորսուած էր, գտնուեցաւ:
Ապա տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէքը:
Իսկ Եկեղեցական արարողութեան աւարտին «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան պատրաստուած՝ տիկնանց յանձնախումբի կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.