2011-10-22 12:42:35

Վատիկանի Քահանայապետական Միջկրօնական Խորհուրդի Նախագահի Պատգամը Ինդուներու Տիվալի Տօնին Առթիւ` Կրօնական Ազատութիւնը Էական Է Անհատի Արժանաւորութեան։


Վատիկանի քահանայապետական միջկրօնական խորհուրդի նախագահը` Կարտինալ Ժան Լուի Թոռան ինդուներու Տիվըալ` լոյսի տօնակատարութիւններուն առթիւ, որ տեղի կ'ունենայ 24-28 հոկտեմբեր, պատգամ մը ուղղած է, որով կ'ընդգծէ կարեւորութիւնը կրօնքի ազատութեան։ Կարտինալ Ժան Լուի Թոռան պատգամին մէջ կը գրէ, որ մարդկային ազգի անդամները կրօնքի հետեւանքով կը դիմագրաւեն նախապաշարումներ, ատելութեան քարոզչութիւն, խտրականութիւն եւ հալածանք։ Վատիկանի համար կրօնքի ազատութիւնը անբաժան մասն է մարդու հիմնական իրաւունքներու, էական անհատի արժանաւորութեան, եթէ կրօնքի ազատութեան սկզբունքը խաղդի, կը կարդանք պատգամին մէջ, անհատին բոլոր իրաւունքները կը փլուզուին։ Կարտինալը կը յիշեցնէ որ ամէն անհատ պէտք է ազատ ըլլայ դաւանելու, ապրելու ու ճանչցնելու իր հաւատքը։ Կրօնական ազատութիւնը նաեւ կ'ենթադրէ իրաւունքը կրօնքը փոխելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.