2011-10-22 12:44:44

Մերձաւոր Արեւելքի Ամենամեծ Հայկական Եկեղեցին՝ 30 Տարուան Ընդմիջումէ Մը Ետք՝ Այսօր Կրկին Կը Բանայ Իր Դռները ։


Այսօր, 22Հոկտեմբեր, 30 տարուայ ընդմիջումէ մը ետք, հայ հաւատացեալներուն առջեւ իր դռները կը բանայ Թուրքիոյ (Արեւմտեան Հայաստանի) Տիարպեքիր քաղաքին մէջ գտնուող Մերձաւոր Արեւելքի ամենամեծ հայկական եկեղեցին` Սուրբ Կիրակոսը:
Թրքական “Ռատիքալ” օրաթերթի հետ զրոյցի ընթացքին Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքական փոխանորդ Արամ Արքեպիսկոպոս Աթեշեան ըսած է, որ այսօր եկեղեցւոյ բացման արարողութեան եւ վաղը` Հոկտեմբեր 23ին, մատուցուելիք պատարագին՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէ պիտի մասնակցին հազարաւոր հայեր:
Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներուն համար ծախսուած է 3,4 միլիոն տոլար: Ծախսերուն հարիւրէն 70%ը հոգացած է Պոլսոյ հայ համայնքը, իսկ 30%ը` Տիարպեքիրի քաղաքապետարանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.