2011-10-22 12:42:52

Երանելի Կուիտօ Գոնֆորդի որ Պիտի Սրբադասուի վաղը ձեռամբ՝Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին՝Սուրբ Պետրոս Տաճարին Մէջ։


Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոս Կուիտօ Գոնֆորդի հիմնադիրն է Սավերիաններու, այսինքն Արտերկրի Առաքելութեանց Սուրբ ֆրանչիսկոս Սավերիոսի անուան Ընկերութեան։ Ան 1966ին Երանելի հռչկուեցաւ Երջանկայիշատակ ՅՊԲ.Սրբազան Քահանայապետի կողմէ։
Ծնած էր 1865ին Իտալիոյ Բարմա քաղաքը,տասը քոյր եղբայրներու ութերորդը, իր ուումները կատարած է դպրեվանքներու մէջ։ Մեծապէս կը փափաքէր միսիոնար ըլլալ,բայց որովհետեւ կը տառապէր լուսնոտութենէ եւ քնաշրջութենէ ոչ մի Միաբանութիւն կ՝ընդունէր իր միսիոնար ըլլալու առաջարկը ։ Վերջապէս քահանայ կը ձեռնադրուի ֆոնթանէլլաթօ-ի Սրբավայրը՝ 1888ին։
1895ին կը հիմնէ Արտերկրեայ Առաքելութիւններու Էմիլիանոյի Հաստատութիւնը ,որը 1898ին կ՝առնէ ՝՝Արտերկրեայ Առաքելութիւններու Սուրբ ֆրանչիսկոս Սավերիոսի Միաբանութիւն՝՝ անունը ,որու կը յանձնուի մասնաւորապէս Չինաստանի Աւետարանացումը։
1902ին հազիւ 37ամեայ կ՝անունուի Արքեպիսկոպոս Իտալիոյ Ռավէննա գիւղաքաղաքին,իսկ 1907ին կը դառնայ 65-երորդ Եպիսկոպոսը Իտալիոյ Բարմա քաղաքին։ 1928ին նոյնինքն Երանլի Գոնֆորդի կ՝երթայ Չինաստան,այցելելու իր Միսիոնարները։
Կը վախճանի 5 Նոյեմբեր 1931ին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.