2011-10-22 12:42:43

Եկեղեցիներու Համաշխրհային Հաւաքը Կը Վերահաստատէ Եգիպտոսի Քրիտոնեաներուն Հանդէպ Իր Զօրակցութիւնը։


Ի տես անցեալ 9 հոկտեմբերի եգիպտոսի քրիտոնեաներու դէմ գործադրուած արարքներուն որուն զոհ եղան 25 հաւատացեալներ մեծամասնութեամբ Ղպտի համայնքի պատկանող` Եկեղեցիներու Համաշխրհային Հաւաքը անցեալ 19 հոկտեմբերի յայտարարութեամբ իր մօտիկութիւնը յայտնած եգիպտոսի քրիտոնեաներուն ու նեցուկ կը կանգնի անոնց մղած արդարութեան եւ երկխօսութեան ի սպաս պայքարին, դատապարտելով ամէն տեսակ գործադրուած բռնութիւն։ <<Զօրակից ենք եգիպտոսի եկեղեցինեուն իրենց ապրած այս դժուար պահերուն ընթացքին>> ըսած է վերապատուելի Օլավ Տվէյթը` Եկեղեցիներու Համաշխարհային Հաւաքի Ընդհանուր Քարտուղար։








All the contents on this site are copyrighted ©.