Գրիգոր Զոհրապ Ընդգրկուած՝ Թուրքիոյ Մէջ Սպաննուած Լրագրողներու Ցանկին Մէջ։
Թուրքիոյ լրագրողներու ընկերակցութիւնը (TGC) որոշած է 1915ին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ
գացած հայ երկու լրագրողներու անունները ընդգրկել «Թուրքիոյ տարածքին սպաննուած լրագրողներու
ցանկ»ին մէջ: Ընկերակցութիւնը հետեւած է Ժամանակակից Լրագրողներու Ընկերակցութեան (IGD)
օրինակին, ուստի Մամլոյ թանգարանին մէջ յատուկ տարածք պիտի յատկացուի հայ լրագրողներու
յիշատակին համար: «Մեզի համար կարեւորը այն է, որ անոնք մեր գործընկերներն էին, անոնց
կրօնը, լեզուն եւ գործունէութիւնը էական չէ», «Հիւրրիյէթ» թերթին յայտնած է TGC-ի փոխնախագահ
Ահմեթ Օզտեմիր:
Սակայն, ի տարբերութիւն Ժամանակակից Լրագրողներու Ընկերակցութեան,
որ սպաննուած լրագրողներու իր ցանկին մէջ, վերջերս ներառած էր տասը հայ լրագրողներու
անուններ, TGC-ն կը ծրագրէ ընդգրկել միայն երկու լրագրողներու՝ «Սապահ» եւ «Ճիհան» պարբերականներու
խմբագիր Տիրան Քելեքեանի, եւ Օսմանեան խորհրդարանի պատգամաւոր գրող Գրիգոր Զոհրապի անունները: Զոհրապն
ու Քելեքեանը այն հարիւրաւոր հայ մտաւորականներու շարքին էին, որոնք 24 Ապրիլ 1915ին
Պոլիսէն տեղափոխուեցան եւ սպաննուեցան: