2011-10-21 13:36:36

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Սուրբերուն Կարգին Կը Դասէ Երանելի Լուիճի Կուանելլան՝ Հիմնադիրը Նախախնամութեան Կրօնաւորական Իգական Միաբանութեան։


Յառաջիկայ 23 հոկտեմբերին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, սուրբերուն կարգին պիտի դասէ երանելի Լուիճի Կուանելլան որ եղած է հիմնադիրը՝ ՜՜Տիրամօր նախախնամութեան՝՝ կրօնաւորուհիներու միաբանութեան։ Այս առթիւ գերապայծառ Պոչիարինի, որ յաջորդած է երանելի Լուիճի Կուանելլային անոր հիմնած միաբանութեան մէջ, հրաւիրած է աշխարհի զանազան վայրերու մէջ տարածուած ՜՜Տիրամօր Նախախնամութեան՝՝ քոյրերը Հռոմ գտնուելու 21-24 հոկտեմբեր եւ մասնակցելու՝ սրբադասման ծիսակատարութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.