2011-10-21 13:36:43

Հոն Գոնկի Վաստակաւոր Առաջնորդը Հացադուլ Կը Կատարէ Փրկելու Յոյսով Կաթողիկէ Դաստիարակութիւնը։


Կարտինալ Ժոզէֆ Զէն Զէքուն վաստակաւոր առաջնորդը Հոն Կոնկ թեմին սկսաւ եռօրեայ հացադուլ կատարել բողոքելու համար Հոն Գոնկի ատեանի անարդար վճիռին, որ գնահատած է կաթողիկէ դաստիարակութիւնը հակառակ է երկին օրէնսդրութեան։ Նշենք որ Դաստիարակութեան օրէնքը կը նախատեսէ ջնջումը առանձնական դպրոցներու մէջ կղերական խորհրդատուներու ներկայութիւնը։ Կարտինալին գնահատումով նման վճիռ մը պատճառ պիտի դառնայ կաթողիկէ դպրոցներու կործանումին։ Կաթողիկէ դպրոցները նկատուած են որպէս շրջանի դաստիարակչական լաւագոյն դրութիւնն է եւ ամենէն արդիւնաբեր։ Անկլիգանները եւ լիտերանականները եւս քննադատած են ատեանի վճիռը։
Յայտնենք որ 79 տարեկան կարտինալ Ժոզէֆ Զէն Զէքուն եղած է Հոն Գոնկի առաջնորդ 2002-2009 չինաստանի համայնավար կուսակցութեան գլխաւոր հակառակորդներէն մէկն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.