2011-10-21 12:50:45

Լիպիոյ Մենատէր Քատտաֆֆի Սպաննուեցաւ ։


Լիպիան 42 տարի շարունակ բռնատիրական իր իշխանութեան տակ պահած Մոամմար Քատտաֆֆի երէկ իր ծննդավայր Սըրթի մէջ սպաննուեցաւ, երբ ըմբոստներու ուժերը գրաւեցին քաղաքը: 69-ամեայ Քատտաֆֆի արաբ առաջին ղեկավարն է, որ «Արաբական Գարուն»ի ընթացքին կը սպաննուի: Սպաննուեցաւ նաեւ անոր որդին` Մուհթասեմ-ը :
Լիպիոյ ներկայ վարչապետ Մահմուտ Ժըպրիլ մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Մոամմար Քատտաֆֆի սպաննուած է»:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտարարեց, որ Քատտաֆֆիի սպանութեամբ՝ Լիպիոյ մէջ պատմական շրջադարձ մը արձանագրուած է։
Իսկ Թիւնիզի ու Մալթայի Առաքելական Նուիրակը Գերապայծառ Թոմմասօ Գաբութօ մաղթեց որ ՝՝Երէկուայ օրը դրոշմէ երկրի դէպի ապագայ անցքի շրջանը,որ արդէն գոըծընթացքի մէջ է, ապագայ մը որ ըլլայ խաղաղ ,ներդաշնակ ու ընկերային բարգաւաճումով ժողովուրդի մը համար,Լիպիոյ ժողովուրդին համար, որ մեծ տառապանքներ կրեց ՝՝։
Հուսկ՝Վատիկանի Պետական քարտուղարը Կարտինալ Թարչիզիո Պերթօնէ Քատտաֆֆիի մահէն մի քանի ժամ յետոյ,մինչ կ՝այցելէր Հռոմի ՝՝Յիսուս Մանուկ՝՝ երախաներու հիւանդանոցը,պատասխանելով լրագրողներու հարցումին ըսաւ ՝՝ կ՝աղօթէմ Լիպիոյ խաղաղեցումին համար ու ժողովրդավարութեան հաստատումին համար ,եւ թէ մենք բոլորս(ըսաւ Կարտինալը) պէտք է աշխատինք Լիպիոյ ժողովուրդին ի նպաստ, որպէսզի անոնք բոլորը միասին համագործակցելով վերաշինեն իրենց Երկիրը՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.