2011-10-20 12:29:32

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Հինգշաբթի 20 հոկտեմբեր 2011 առաւօտեան ժամը 11ին ընդունեց Ավստրալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի եպիսկոպոսները, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Նշենք որ Ավստրալիոյ եպիսկոպոսներու հերթական այցելութիւնը սկիզբ առած էր հոկտեմբեր 10 եւ վերջ կը գնէ 22 հոկտեմբերին։
Իսկ 24-31 հոկտեմբեր Անկոլայի եպիկոպոսաց դասի անդամները իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը պիտի կատարեն Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Ավստրալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի եպիսկոպոսներու այցելութեան առթիւ Նորին Սրբութիւնը Հինգշաբթի երեկոյան բացումը կատարեց "Domus Australia" կոչուած Աւստրալիացի ուխտաւորներուն համար Հռոմի մէջ կարուցուած կեդրոնին։ Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտը դրաւ <<ուխտագնացութեան>> նիւթին վրայ հաստատելով որ ամէնքս կանչուած ենք երկինք երթալու եւ մեր երկրի վրայ կեանքը ճանապարորդութիւն մըն է դէպի վերջնական հանգրուանը` երկինքը>>։ Սրբազան Քահանայապետի համար կարեւոր է որ Հռոմը այցելելով ուխտաիորները առիթ ունենան վերահաստատելու իրենց քրիտոնէական հաւատքի արմատները եւ միանալու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.