2011-10-20 13:46:02

Նիքոլա Սարքոզի Նախագահ Սարգսեանին Յղած Նամակին Մէջ Կը Գրէ «Ֆրանսա Հայաստանի Կողքին Է»։


Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին յղած է նամակ մը, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստան կատարած պետական այցելութեան ընթացքին իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած «բացառիկ ընդունելութեան» համար:
«Իմ պետական այցելութենէս նախ եւ առաջ մնացած է այն խոր յուզումի զգացումը, զոր ապրեցայ Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրին մօտ` 24 ապրիլ 1915-ին ձեր ժողովուրդին դէմ իրագործուած մահավճիռին զոհերուն յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու ընթացքին: Վստահ եղէք, որ Ֆրանսա պիտի չդադրեցնէ իր յանձնառութիւնը, այնքան ատեն որ տակաւին այդ ջարդերը պէտք եղածին պէս չեն ճանչցուած իրականացնողներու ժառանգորդներուն կողմէ», գրած է իր նամակին մէջ Ֆրանսայի նախագահը:
Նամակին մէջ Ֆրանսայի նախագահը նաեւ վստահեցուցած է, որ Ֆրանսա Հայաստանի կողքին է:








All the contents on this site are copyrighted ©.