2011-10-20 13:42:55

Լոս Անճըլըսի Մէջ Քաղաքապետ Անթոնիօ Վիլլառաիկոզայի Սարքած Ընդունելութիւնը, Ի Պատիւ Արամ Ա.Կաթողիկոսին։


Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Անթոնիօ Վիլլառայիկոզայի նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով, ի պատիւ Արամ Ա. կաթողիկոսին տեղի ունեցած ընթրիքի ընդունելութիւնը վերածուած է Միջին Արեւելքի երեք կրօններու ներկայացուցիչներուն միջեւ ուշագրաւ հանդիպումի ու խորհրդակցութեան առիթի, որ ընդգրկած է անմիջականօրէն հայութիւնը եւ ընդհանրապէս Լոս Անճելըսի ընկերութիւնն ու միջին-արեւելեան իրադարձութիւնները:
Վեհափառին հովուապետական այցելութեան առիթով` Լոս Անճելըսի քաղաքապետը իր բնակարանին` «Կեթթի Հաուզ»ի մէջ ընթրիք մը սարքած էր երկուշաբթի, 17 հոկտեմբերի երեկոյեան: Վեհափառին եւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողքին հրաւիրուած էին քրիստոնեայ, իսլամ եւ հրեայ համայնքներու կրօնական առաջնորդներ ու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի ժողովականութեան անդամներ ու բարերարներ:
Քաղաքապետ Վիլլառաիկոզայ նախ առանձնացաւ Վեհափառին ու առաջնորդ Սրբազանին հետ` առանձին հանդիպումի մը համար: Անոնք ապա միացան ընթրիքի հիւրերուն։ Տարբեր կրօններու եւ համայնքներու ներկայացուցիչները մէկ սեղանի շուրջ համախմբող երեկոն վերածուեցաւ հետաքրքրական զրոյցի, ձեւով մը` միջկրօնական երկխօսութեան, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ հիւրընկալը: Սրտի խօսք մը արտասանելով` հիւրընկալ քաղաքապետը Վիլլառաիկոզայ դրուատիքով խօսեցաւ Վեհափառին, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի զարգացման մէջ հայութեան ներդրումին մասին:








All the contents on this site are copyrighted ©.