2011-10-20 12:29:50

Գերապայծառ Գարլօ Մարիա Վիկանոն Անուանուած Միացեալ Նահանգներու Առաքելական Նուիրակ։


Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի յայտարարութեամբ 19 հոկտեմբերին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը գերապայծառ Գարլօ Մարիա Վիկանոն անուանեց որպէս Միացեալ Նահանգներու առաքելական Նուիրակ։ Իտալացի դիւանագէտ կղերականը մինչեւ սեպտեմբերի վերջը կը վարէր Վատիկանի Պետութեան ընդհանուր քրտուղարի Պաշտօնը։ Ան կը յաջորդէ իրեն հայրենակից հանգուցեալ գերապայծառ Բիէթրօ Սամպիին որ իր մահկանացուն կնքեց 73 տարեկանին` անցեալ 27 յուլիսին հիւանդութեան մը հետեւանքով։

Իտալիոյ Լոմպարտիա նահանգի Վարէզէ քաղաքի մէջ ծնած 16 յունուար 1941 Գարլօ Մարիա Վիկանոն քահանայ ձեռնադրուած է 24 մարտ 1968ին։ Վատիկանի Դիւանագիտական ասպարէզը սկսած է 1973ին։ Աշխատած է Իրագ` Մեծն Պրիթանիա` եղած է նաեւ Եւրոմիութեան Սթրազպուրկի գրասենեակի մօտ Վատիկանի որպէս մնայուն Դէտ։ 1992 անուանուած է որպէս Նիճէրիոյ մօտ առաքեալական դեսպան։ 2009-ին յաջորդած էր գերապայծառ Րէնաթօ Պոքքարտոյին որպէս Վատիկան Պետութեան ընդհանուր քարտուղար։
Նշենք որ յառաջիկայ ամիսներուն Միացեալ նահանգներու եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամները պիտի ժամանեն Հռոմ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին Հնգամեայ Կանոնական այցելութեան առթիւ ու մօտ օրէն սկիզբ կ՛առնեն Միացեալ Նահանքներու 2012 նախագահական ընտրութիւններու ընտրական քարոզչապայքարը։








All the contents on this site are copyrighted ©.