2011-10-20 12:30:07

Աղօթք Եւ Խորհրդածութիւն Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին Յիշատակին։


Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Ժ -ի ծիսակատարութեան տօնին առթիւ 22 հոկտեմբեր, Հռոմէացիներուն ուղղած նամակով, Հռոմի թեմի տեղապահը կարտինալ Օգոստինոս Վալլինի կը հրաւիրէ հաւատացեալները մասնակցելու ուխտագնացութեան, որ սկիզբ կ՛առնէ շաբաթ 22 հոկտեմբերի յետմիջօրէին ժամը 17ին, լատերանեան ս. Յովհաննէս տաճրին հրապարակի վրայ ուր նախատեսուած է աղօթքի եւ խորհրդածութեան հսկում որուն աւարտին Սուրբ Յովհաննէս Տաճարին մէջ` գլխաւորութեամբ Կարտինալ Օգոստինոս Վալլինիի կը մատուցուի հանդիսաւոր պատարագ։
Հսկումի ընթացքին խորհրդածութիւնները կը կատարէ Հռոմի Թեմի կոչումներու յանձնախումբի պատասխանատու հայր ֆապիօ Րոզինի որուն ընթացքին պիտի շօշափէ 3 նիւթեր. <<Մարդ արարածը ՅՊԲ-ի համար>>,<<Առաքելութիւնը>>, <<Ցաւը եւ երանելի Սուրբ Կոյս Մարիամը>>։ Խորհրդածութիւններու ընթացքին պաստարներու վրայ պիտի ցուցադրուին ՅՊԲ տեսաերիզներ։ Ինչպէս ըսինք Հսկումի աւարտին ժամը 19ին Սուրբ Յովհաննու Տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ նոր երանելի ՅՊԲ -ի նուիրուծ Սուրբ պատարագ։








All the contents on this site are copyrighted ©.