2011-10-19 12:39:11

Նախագահ Սարգսեան Կ՝ընդունի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարի Սպառազինութեան Վերահսկաման հարցով Օգնականը՝Ռոզ Կոթթէմէօլլէր ։


Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի` սպառազինութիւններու վերահսկման, հաւաստագրման եւ համապատասխանութեան հարցերով օգնական Ռոզ Կոթթէմէօլլեր-ը :
Նախագահ Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստան կը շարունակէ Եւրոպայի մէջ սովորական զինեալ ուժերու համաձայնագիրը դիտարկել իբրեւ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան հիմնա-սիւներէն մէկը եւ հաւատարիմ է համաձայնագիրի նպատակներուն եւ ոգիին:
Ըստ նախագահին, Հայաստան պիտի շարունակէ լիարժէքօրէն իրականացնել համաձայնագիրով ստանձնած պարտաւորութիւնները` կարեւոր նկատելով Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ սպառազինութիւններու վերահսկման մարզին մէջ յիշեալ փաստաթուղթով սահմանուած պարտաւորութիւններու կատարումը, որուն խախտումը արդէն իսկ լուրջ վտանգ դարձած է ամբողջ շրջանին համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.