2011-10-19 12:39:22

Հայաստանի Վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի Գլխաւորած Կառավարական Պատուիրակութիւնը երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած Ս. Փեթերսպուրկ։


Հայաստանի Պատուիրակութիւնը Փեթերսպուրկի մէջ պիտի մասնակցի Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան (ԱՊՀ) կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին եւ Եւրասիական տնտեսական ընկերակցութեան միջ-պետական խորհուրդի 31-րդ նիստին` կառավարութիւններու ղեկավարներու մակարդակով: Այցելութեան ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութինի երկկողմանի հանդիպումը:
Հայաստանի Վարչապետը նաեւ դասախօսութիւն մը պիտի տայ Ս. Փեթերսպուրկի տնտեսագիտութեան եւ ելեւմուտքի պետական համալսարանին մէջ:
Կառավարական պատուիրակութեան մաս կը կազմեն տնտեսութեան նախարար Տիգրան Դաւթեան, արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.