2011-10-18 12:54:59

Ֆրանսայի Նախագահական Ընտրութիւններուն Սարքոզիի Դէմ Պիտի Պայքարի՝ Ընկերվարական Ֆրանսուա Հոլանտ ։


Ֆրանսայի ընկերվարական ընդդիմադիր կուսակցութիւնը 2012ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն համար,որոշում կայացուց , յառաջադրելով Ֆրանսուա Հոլանտի թեկնածութիւնը:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն ֆրանսական լրատուամիջոցները, երէկ իրականացուած նախնական ընտրութիւններու արդիւնքներով` ընկերվարականներու թեկնածուն դարձած է Ֆրանսուա Հոլանտ-ը: Թեկնածութեան յառաջադրման ընտրութիւններու ժամանակ Հոլանտի գլխաւոր մրցակիցը Տիկին Մարթին Օպրին էր, որ հաւաքած է ձայներու հարիւրէն 47տոկոսը , իսկ Հոլանտ` 53%ը: Օպրի ընդունած է իր պարտութիւնը եւ յայտարարած, որ ընտրութիւններուն պիտի աջակցի Հոլանտին:
Յիշեցնէք, որ նախապէս Ընկերվարական կուսակցութեան նախկին առաջնորդ Ֆրանսուա Հոլանտ խոստացած է ֆրանսահայ համայնքին ՝՝հնարաւոր ամէն ինչ ընել Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը Ծերակոյտի օրակարգ մտցնելու համար՝՝







All the contents on this site are copyrighted ©.