2011-10-18 11:04:42

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Առաքելական Ճամբորդութիւն Կը Կատարէ Պենան, Առաքելական Յորդորագիրը Յանձնելու Ափրիկէի Եկեղեցւոյ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 18-20 Նոյեմբեր առաքելական ճամբորդութիւն կը կատարէ Պենան] Ափրիկէի Եկեղեցւոյ յանձնելու առաքելական յորդորագիրը։ Ասիկա երկրորդ անգամն է որ Նորին Սրբութիւնը Ափրիկէի ցամաքամասը ոտք կը դնէ, 2009-ին՝ Գամերուն եւ Անկոլա կատարած այցելութենէն ետք։
48 ժամ տեւող ճամբորդութիւնը Սրբազան քահանայապետին առիթ կու տայ պահ մը կանգ առնելու կարտինալ Կանթանի գերեզմանին առջեւ եւ ապա պաշտօնապէս յանձնելու Ափրիկէի ցամաքամասի եպիսկոպոսական դասերու նախագահներուն ՜՜ Առաքելական Յորդորագիրը՝՝ պտուղը՝ 2009ի սիւնոդոսին, Ափրիկէի մասին։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը 18 նոյեմբերին Հռոմի ֆիումիչինօ օդակայանէն ժամը 9-ին կը մեկնի դէպի Պենանի տնտեսական մայրաքաղաքը` Գոթոնու, ուր վեց ժամուայ թռիչքէն ետք քահանայապետական օդանաւը կը հասնի ''Կարտինալ Պերնարտան Կանթէն''ի անուան օդակայանը։
Բարի գալուստի արարողութենէն անմիջապէս ետք, ժամը 15ին, Սրբազան Հայրը կը մեկնի քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցին։ Յաջորդ օրը 19 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 9ին՝ կ'այցելէ նախագահական պալատը, ուր հանդիպում կ'ունենայ ազգային ժողովի անդամներու, երկրի հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու, դիւանագիտական մարմնին ու կրօններու ղեկավարներուն հետ, որոնց ճառ մը կ'ուղղէ։ Ապա տեսակցութիւն կ'ունենայ հանրապետութեան նախագահ Թովմաս Եայի հետ, որ 2006էն ի վեր կը կառավարէ երկիրը ։
Նախագահ Թովմաս Եայ 12 յունուար 2008-ին՝ Վատիկանի մէջ տեսակցութիւն ունեցած է Սրբազան Հօր հետ։ Ժամը 11.15ին Սրբազան Քահանայապետը կը հասնի Ուիտահ քաղաքը՝ ուր կը հանգչի կարտինալ Կանթան եւ գերեզմանին առջեւ պահ մը կ՝ աղօթէ։ Դամբանը կը գտնուի աւագ նորընծայարանի մատրան մէջ, ուր կը պատրաստուին Պենենի ապագայ քահանաները։ Այս դպրեվանքին մէջ կարտինալ Կանթանը իր ուսումը կատարած էր ու նաեւ դասաւանդած՝ մինչեւ Կարտինալ Աղաճանեանի զինք Հռոմ հրաւիրելու օրը, եւ Յաւիտենական Քաղաքին մէջ ան 30 տարի պաշտօնավարած է, մասնաւորապէս ղեկավարած է եպիսկոպոսներու ժողովը։
Նորին Սրբութիւնը ժամը 12.15ին կ'այցելէ քաղաքին Ս. Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան աթոռանիստ եկեղեցին, ուր Ափրիկէի եպիսկոպոսներու ներկայութեամբ՝ կը ստորագրէ Առաքելական Յորդորագիրը։
20 Նոյեմբերին, Սրբազան Քահանայապետը պատարագ կը մատուցէ Գոթոնուի ''Բարեկամութեան մարզադաշտ''ը, որ կարող է 35 հազար հոգի ընդունիլ։ Այդ մարզադաշտին մէջ 1993-ին Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը ձեռնադրութեան պատարագ մատուցած էր։ Իսկ 2008-ին մեծարանքի արարողութիւն կատարուած էր կարտինալ Կանթանին ի պատիւ անոր մահուան առթիւ։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, այս պատարագին ընթացքին, Ափրիկէի եպիսկոպոսներուն կը յանձնէ Առաքելական Յորդորագիրը։ Կէսօրին, առաքելական դեսպանատան մէջ կը ճաշէ Եպիսկոպոսներու սիւնոդոսի ընդհանուր քարտուղարութեան անձնակազմին հետ։ Ժամը 16ին ողջերթի արարողութենէն անմիջապէս ետք Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Հռոմ կը վերադառնայ։
Պենան կեցութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը 10 ճառեր կ'արտասանէ։
Նշենք որ Պենան` Քինուէի Ծոցի փոքր երկիր մըն է, ունի որպէս սահմանակից Թոկոն, Նիճերիա, Նիճեր եւ Պուրքինա ֆազօ։ Շուրջ 9 միլիոն բնակիչ հաշուող երկրին 52 տոկոսը հոգեպաշտներ են, կաթողիկէները կը ներկայացնեն 25 տոկոսը, մահմետականները 20 տոկոսը իսկ բողոքականները 3 տոկոսը։ Պենանը եղած է ֆրանսական նախկին գաղթավայր։
Իր անկախութիւնը ստացած 1960-ի օգոստոս մէկին։









All the contents on this site are copyrighted ©.