2011-10-18 12:38:17

Մեսրոպ Մաշտոցի Ծննդեան 1650-ամեակի Նշում, Պէյրութի մէջ։


Կազմակերպութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան Լիբանանի տեղական վարչութեան, Թէքէեան կեդրոնի «Հրաչեայ Սեդրակեան» սրահին մէջ (Պէյրութ) տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ` նուիրուած Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1650-ամեակին: Օրուան բանախօսներն էին Հայ լեզուի ու մշակոյթի հեղինակաւոր անձնաւորութիւններ գերյարգելի Հ. Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան եւ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան:
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ, արձակագիր Արամ Սեփեթճեան: Ան նկատել տուաւ, որ հոկտեմբեր ամիսը հայ մշակոյթի ամիս է, աւելցնելով, որ 2012 թուականը հայ տպագրութեան 500-ամեակն է: Սեփեթճեան յայտնեց, որ իբրեւ հայ` ազգովին երախտապարտ ենք Մեսրոպ Մաշտոցին, որ եղաւ հեղինակը մեր այբուբենի հրաշալի արարչագործութեան: Սեփեթճեան ներկայացուց զոյգ բանախօսներուն կենսագրական ամփոփ գիծերը եւ հրաւիրեց զանոնք ներկայացնելու իրենց նիւթը:
Օրուան առաջին բանախօսը՝ Հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան ներկայացուց Մեսրոպ Մաշտոցի ժամանակաշրջանին հայ ժողովուրդին վիճակը` առանց գիրերու. եւ պատմական ակնարկ մը նետեց Մեսրոպ Մաշտոցի գործունէութեան եւ անոր ժամանակաշրջանին պատահած դէպքերուն եւ անոր տարած աշխատանքներուն` հայերէն գիրերը գտնելու համար:
Այնուհետեւ Անի Եփրեմեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Եւ այր մի Մաշտոց անուն» քերթուածը:
Օրուան երկրորդ բանախօսը՝ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան յայտնեց, որ ՜՜5-րդ դարը փիլիսոփայութեան, գրականութեան, արուեստի եւ այլ մարզերու շնորհիւ կոչուեցաւ ոսկեդար, աւելցնելով, որ հայկական մեր աշխարհին հիմնական ոսկեդարը մեսրոպաշունչ աստուածահաճոյ ժամանակաշրջան մըն է, որ մարմին կու տայ լեզուին եւ նոր հոգի` բանասիրութեան ճոխութեան մէջ ապրող մեր ժողովուրդին:
Հայտոսթեան հարց տուաւ, թէ ի՞նչ է 5-րդ դարու` ոսկեդարի աղերսը մեր օրերուն հետ եւ թուեց 4 կէտեր. ինչպէ՞ս միացնել մեր գործը, հոգին ու խօսքը գիրին հետ, արդի հայուն համար ի՞նչն է, ո՞վ է, ո՞ւր է իմաստութեան եւ թարգմանութեան սկիզբը, եւ հայը ի՞նչ կ՛ուզէ թարգմանել այսօր. ո՞ր մարզերուն մէջ հայկական ներկայ դարը ոսկեղէն երանգներ կրնայ ունենալ այսօր. ի՞նչ հիմ կը դնէ մեր գործը այսօր` վաղուան մարդուն, հայուն համար:
Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան նկատել տուաւ, որ Մեսրոպ Մաշտոց եղաւ մեր փրկիչը, աւելցնելով, որ եթէ երիտասարդութիւնը եւ նոր սերունդը անոր արժէքը չգիտնայ, կը նշանակէ, որ մենք չենք ճանչնար Մեսրոպ Մաշտոցը եւ անծանօթ ենք անոր առաքելութեան, որ մեզ ազգովին կորուստէ եւ օտարանալէ փրկեց:








All the contents on this site are copyrighted ©.