2011-10-18 12:55:17

Իսրայէլացի Զինուոր Կիլատ Շալիթ Ազատ Արձակուած՝ 1027 Պաղեստինցիներու Փոխարէն։


Այսօր,18 Հոկտեմբեր,Իսրայէլացի զինուոր Կիլատ Շալիթ 5 տարի տեւող բանտարկութենէ մը ետք ազատ արձակուեցաւ։ Ան առաջին իսայէլացի զինուորն է որ ողջ առողջ տուն կը վերադառնայ։ Ան առեւանգուած էր 25 Յունիս 2006ին Կազայի Գոտիին մօտերը,Համաս Շարժումի համախոհ՝Պաղեստինցի զինեալ խումբի մը կողմէ։ Մինչ այդ այսօր ազատ արձակուեցան պաղեստինցի բանտարկեալներու առաջին խումբը 477 հոգի,իսկ 550 Պաղեստինցի այլ գերիներ շուրջ երկու ամիսէն ազատ պիտի արձակուին։ Միւս կողմէ, Համաս Շարժումը յայտարարեց, որ Թուրքիա, Քաթար եւ Սուրիա պիտի հիւրընկալեն Իսրայէլի կողմէ վտարուած գերիները:
Իսրայէլացիք կ՛ըսեն, թէ Համաս ընթացք տուաւ այս բանակցութիւններուն գրեթէ այն ատեն, երբ Պաղեստինեան Իշխանութեան Նախագահ Մահմուտ Ապպաս անցեալ ամիս Նիւ Եորքի մէջ,ՄԱԿ-ի Ամպիոնէն խօսեցաւ,կոչ ուղղելով համայն աշխարհին՝ Պաղեստինի ճանաչումին ու անոր ՄԱԿ-ի անդամակցութեան համար :
Մահմուտ Ապպասի այս դիմումը բացարձակապէս ժողովրդական էր եւ` պաղեստինցիներուն սրտին խօսող:
Մահմուտ Ապպասի վարկանիշը ուստի ոստում արձանագրեց եւ գրաւեալ հողերու մէջ գտնուող ժողովուրդը թերեւս առաջին անգամ ըլլալով զգաց իսկական այն յոյսը, թէ բռնագրաւումին դէմ ոչ վայրագ իր դիմադրութիւնը կրնայ արդիւնաւորուիլ: Մինչ Ապպասի եւ Պաղեստինեան Իշխանութեան աստղը կը բարձրանար, Համասինը անկումի կ՝ենթարկուէր :
Նշենք որ 2006 թուականին պաղեստինեան շրջաններու մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն նուաճած յաղթանակէն ի վեր մարտական կազմակերպութիւնը ականատես եղաւ իր ժողովրդականութեան անկումին: Այս շրջանին Համասի կանխիկ գումարները եւս սկսան նուազիլ, իսկ ծխախոտներու եւ վառելանիւթի տուրքերը բարձրացնելու փորձերը աւելի եւս օտարացուցին Համասը տեղական բնակչութենէն: Հետեւաբար անոնք ստիպուած ընդունեցին նախապէս անընդունելի նկատուած պայմանները եւ գոյացուցին գործարք մը, որուն տարիներէ ի վեր դէմ էին:
Եգիպտացիները այս փոխանակումի մէջ բանալի դեր ունեցան: Սուրիոյ վարչակարգին դանդաղօրէն կծկուիլը, Համասի ղեկավարութիւնը դրաւ նոր ապաստան մը գտնելու անհրաժեշտութեան հեռանկարին դիմաց: Եգիպտոսը կրնար ըլլալ իրենց նուազագոյն վատ ընտրանքը եւ ան ճնշում կը բանեցնէր համաձայնութիւն գոյացնելու համար:

Առայժմ Համաս պիտի զօրանայ եւ ժողովրդականութիւն շահի մէկ մարդու փոխարէն 1027 պաղեստինցի բանտարկեալներու ազատ արձակումը ապահովելուն համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.