2011-10-18 12:44:17

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Եւ Պշարա Ռայ Մարոնիներու Պատրիարքի Հանդիպումը՝ Լոս Անճըլըսի Մէջ։


Արամ Ա. Կաթողիկոս շաբաթ, 15 հոկտեմբերի առաւօտուն հանդիպում ունեցաւ Մարոնիներու Հոգեւոր Պետ Պշարա Ռայ Պատրիարքին հետ:
Վեհափառը, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երէց միաբաններէն Եփրեմ արք. Թապագեանի, միաբան ու հոգեւոր հայրերու ընկերակցութեամբ այցելութիւն մը տուաւ Լոս Անճելըսի Մարոնիներու եկեղեցին եւ դիմաւորուեցաւ Պատրիարքին ու հոգեւոր հայրերու կողմէ: Ռայ Պատրիարքին կողքին հանդիպումին ներկայ եղան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու եւ Պրազիլի Մարոնիներու Առաջնորդները եւ երկու Հոգեւորականներ:
Խորհրդակցութեան նիւթ եղան Լիբանանի ներքին կացութիւնը, Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան ու ապագային կապուած հարցեր, ինչպէս նաեւ միջինարեւելեան եկեղեցիներու եւ սփիւռքի մէջ ապրող անոնց զաւակներուն յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ գործակցութիւնը զարգացնելու առաջադրանքները: Երկու հովուապետները շեշտեցին քրիստոնեայ եկեղեցիներուն ու համայնքներուն միասնութեան կարեւորութիւնը եւ զանոնք աւելի եւս ամրապնդելու հրամայականը:

Հանդիպումէն ետք, հիւրընկալ ու հիւր հոգեւորականները անցան եկեղեցի, ուր միասնաբար աղօթքի պահ մը ապրեցան : Այնուհետեւ, անոնք կարճատեւ հարցազրոյց մը ունեցան լրագրողներու հետ: Անոնք գնահատանքով արտայայտուեցան Քալիֆորնիոյ մէջ հայ ու մարոնի համայնքներուն գործակցութեան մասին եւ քաջալերեցին որ կապերը աւելի եւս զարգանան,եւ գործակցութիւնը ամրապնդուի:








All the contents on this site are copyrighted ©.