2011-10-17 12:34:49

Սրբազան Քահանայապետը 2012-2013 Տարեշրջանը Հռչակեց Հաւատքի Տարի Վերանորոգ Սլացք Մը Տալու Եկեղեցւոյ Առաքելութեան։


Կիրակի 16 հոկտեմբեր 2011-ին՝ Նորին Սրբութիւնը, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, մատոյց Ս. պատարագը՝ նոր աւետարանութեան համար որուն աւարտին, հռչակեց ''Հաւատքի Տարին'', որ պիտի սկսի 11 հոկտեմբեր 2012ին, Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովի աւետումին 50-րդ տարեդարձին օրը , եւ պիտի եզրափակուի 24 նոյեմբեր 2013-ին` ''Քրիստոս տիեզերքի թագաւոր''ի տօնին օրը։
''Հաւատքի Տարին'' ըսաւ Սրբազան հայրը, առիթ պիտի տայ առաքելական թուղթի հրապարակումին։ Հաւատքը՝ աստուածաբանական երեք առաքինութիւններէն մէկն է։ Նախապէս Նորին Սրբութիւնը շրջաբերական թուղթեր հրապարակած է. ՜՜Սէր եւ Յոյս՝՝ աստուածաբանական առաքինութիւններու մասին` ''Աստուած սէր է'' վերնագրով 2005ի դեկտեմբերին եւ ''Փրկարար յոյսը'' նոյեմբեր 2007ին։
Իր արտասանած քարոզին մէջ, Սրբազան Հայրը, ողջունեց Եկեղեցիէն նախաձեռնուած նոր աւետարանութեան դերակատարները։
Շուրջ 8.500 հոգի համախմբուած էին Ս. Պետրոս տաճարին մէջ։
Նորին Սրբութիւնը իր քարոզին մէջ, ընդգծեց ''պատմութեան աստուածաբանութիւնը'' որպէս արտայայտութիւնը նոր աւետարանութեան։ Այսօրուան մարդիկը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, 20-րդ դարու մենատիրական իշխանութիւններու դժբախտ փորձառութենէն ետք, կարիքը ունին վերագտնելու համապատկեր նայուածք մը աշխարհին վրայ, նայուածք մը որ Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովը հաղորդեց իր հրապարակած վաւերագիրներու միջոցաւ։
Բացայայտելով օրուան աւետարանը. ''Կայսրին տուէք ինչ որ Կայսրինն է եւ Աստուծոյ` ինչ որ Աստուծոյ է''։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ի յայտ դրաւ Յիսուսի քաղաքական իրապաշտութիւնը եւ հարստութիւնը մարդաբանական խօսքերուն։ Յիսուս ինքզինք քաղաքական դաշտէն ի վեր կը դնէ։ Նոյնպէս` Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը չի բաւականանար սահմանելով Կայսրին եւ Աստուծոյ իշխանութւնը։ Այլ պարտական է վերակոչել Աստուծոյ գերիշխանութիւնը, մասնաւորապէս այն քրիստոնեաներուն, որոնք ''կորսնցուցին իրեն ինքնութիւնը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.