Սէուտական Արաբիան Միջկրօնական Կեդրոն Մը Կը Կառուցէ Վիեննայի Մէջ։
Համաձայնագիրը կը ստորագրուի Վատիկանի ներկայացուցիչի ներկայութեամբ։ Սէուտական
Արաբիոյ Ապտալլահ արքան հիմնած է միջազգային միջկրօնական ու միջմշակութային երկխօսութեան
կեդրոն մը։ Կարտինալ Ժան Լու Թոռան` նախագահը միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդին
ներկայիս Վիեննա կը գտնուի համաձայնագրին ստորագրութեան համար։ Համաձայնութիւնը ստորագրուած
է Սէուտական Արաբիոյ, Աւստրիոյ եւ Սպանիայի միջեւ։ Վատիկանը մտադիր է իր նպաստը բերել
այս կեդրոնին, որ բաց պիտի ըլլայ բոլոր կրօններուն ու դէտերուն։