2011-10-17 12:31:52

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Երկուշաբթի 17 հոկտեմբեր2011, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Մոնկոլիայի նախագահը՝ տիար Էլպեկտորի։
Ասիկա առաջին անգամն է որ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ կ'ընդունի մոնկոլ նախագահ մը։ Երջանկայիշատկ ՅՊԲ Քահանայապետը 2000-ին ընդունած էր նախագահ Պականտին։
Մոնկոլիան՝ երկրագունդի ամէնին քիչ բնակիչ ունեցող երկիր է, եւ անոր կաթողիկէ հաւատացեալներու թիւը նուազագոյնն է` միքանի հարիւր հոգիներ։Մոնկոլիան կը գտնուի Չինաստանի ու Ռուսիոյ միջեւ , Վատիկանի գնահատումով՝ կրօնական ազատութեան տեսանկիւնով օրինակելի երկիր մըն է ։
Մոնկոլիայի ներկայ 48-ամեայ նախագահը, նախապէս երկու անգամ վարչապետ նշանակուած էր։ Երկիրը` 1991ին որդեգրեց հանրավարական սահմանադրութիւնը, որ եւ իր բնակիչներուն կ'երաշխաւորէ կրօնական ազատութիւն։ Բնակչութեան մեծամասնութիւնը դիպետական պուտտայականութեան հետեւորդ են։
Սուրբ Աթոռը, 1992-ի Ապրիլին՝ դիւանագիտական կապեր հաստատած է Ուլան Պաթորի հետ։ Այդ թուականէն ասդին կաթողիկէ հաւատացեալներու թիւը տակաւ առ տակաւ կ'աճի։ Ներկայիս Մոնկոլիայի մէջ կան տասնեակ առաքեալ քարոզիչներ 650 հաւատացեալի վրայ։ Ներկայ թեմին վիճակաւորն է հայր Բատիլլան՝ Փիլիպպեանցի։
2010-ին ընդունելով Մոնկոլիայի նոր դեսպանը Վատիկանի մէջ, Նորին Սրբութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնած է Մոնկոլիայի կառավարութեան որովհետեւ նախանձախնդիր է կրօնական ազատութեան պահպանումին։ Մոնկոլիայի 2,7 միլիոն բնակչութեան 30 տոկոսը, վրանաբնակ են։ Անոր գլխաւոր կրօնքը պուտտայականութիւնն է` բնակչութեան 60 տոկոսը, 9 տոկոսը մահմետական, որոնք ծագումով խազախ են։
Բնակչութեան մէկ երրորդը կ'ապրի մայրաքաղաք` Ուլան-Պաթորի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.